ՇԱՐՊԵԼ. «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՊԱՅՄԱՆԱՒ ՈՐ ԱՆՈՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՅՍՏԱԿ ԸԼԼԱՅ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով սակայն, որ այդ ատեանին աշխատանքը պէտք է յստակ ըլլայ:
Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ ընտրական օրէնքին նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքին` Շարպել նկատել տուաւ, որ Ժոմպլաթ առաջին օրէն իսկ այդ մասին յանդգնութեամբ արտայայտուած է` նշելով, որ ինք կը հասկնայ Ժոմպլաթի կեցուածքը:
Միւս կողմէ, Շարպել հաստատեց, որ անհրաժեշտ է արագօրէն լուծել Ռումիէի բանտին հարցը:
CATEGORIES Լիբանանեան

