ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒ ՕԳՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՑՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՒՄ

Արդարութեան նախարարութիւնը յառաջիկայ 14 եւ 15 յունուար 2012-ին պիտի կազմակերպէ մրցում մը, որուն պիտի մասնակցին գրագիրներ (քաթեպ), որոնց պաշտօնն է դատախազներուն ատենագրութիւնները արձանագրել:

Իսկ 21 եւ 22 յունուար 2012-ին տեղի պիտի ունենայ տեղեկացնողներու (մուպաշեր)  մրցումը. վերջիններուս պաշտօնն է դատավարութեան ներկայանալու հրահանգները ուղղակի փոխանցել խնդրոյ առարկային:

Նշենք, որ զոյգ մրցումները պիտի կազմակերպուին արդարութեան նախարարութեան կողմէ` ամբողջացնելու համար դատախազներու օգնականի թափուր պաշտօնները:

Այս մրցումներուն մասնակցելու համար դիմումնագիրներ պիտի ընդունուին վաղուընէ սկսեալ մինչեւ 17 դեկտեմբեր 2011:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար դիմել Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ` հեռաձայնելով 01-259881 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES