ԼՈՒՑԵՆՊԵՐԿԸՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ

Նախագահ Սարգսեան կը պարգեւատրէ Լուցենպերկըրը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրի հետ:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրի նախորդ չորս տարիներու գործունէութիւնը, որ եղած է աշխուժ եւ արգասաբեր` նպաստելով Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու ուժական զարգացման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան: Ըստ նախագահին, այդ ամէնուն իբրեւ արդիւնք լաւ նախադրեալներ ստեղծուած են երկրին մէջ սկսած բարեփոխումները յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու համար:

Նախագահին հրամանագիրով, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար` Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրը պարգեւատրուեցաւ Մխիթար Գոշի մետալով: Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան յանձնեց պետական պարգեւը:

Ռաուլ Տը Լուցենպերկըր նշեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ զգալի փոփոխութիւններ կատարուած են, երկրին մէջ լուրջ բարեփոխումներ կ՛ընթանան, ինչ որ Եւրոպական Միութեան մէջ եւս գերիշխող կարծիք է: Դեսպանը յաջողութիւն մաղթեց այդ բարեփոխումներուն, որոնք աւելի կ՛ամրապնդեն Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ կը խորացնեն համագործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES