ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ 29-30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ՎՐԱՍՏԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 29-30 նոյեմբեր Վրաստան պիտի այցելէ:

Նախագահին մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ծիրին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու քննարկումէն բացի, նախատեսուած է կարգ մը մարզերու մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:

Վրացական լրատուական գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յառաջիկայ այցելութեան մասին երէկ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց նաեւ Վրաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Մանանա Մանճղալածէ:

Անցեալ ամիս Մանճղալածէ յայտնած էր, որ նախագահ Սարգսեան Վրաստան պիտի այցելէ նոյեմբերին սկիզբը, սակայն պաշտօնական Երեւանը այդ տեղեկատուութիւնը չհաստատեց:

Ատիկա առիթ տուաւ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը չեղեալ յայտարարելու մասին ենթադրութիւններու:

7 նոյեմբերին Հայաստան այցելած Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին հերքեց այդ լուրերը` աւելցնելով, որ Երեւան կ՛այցելէ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը նախապատրաստելու նպատակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES