ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ 120 ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆՆԵՐ
Այսօր երեկոյեան Լիբանան կը ժամանէ Հայաստանի պետական պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Սարգսեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:
Հայաստանի պետական պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 120 տարրալուծարաններու յանձնումը` Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան ճամբով լիբանանեան 120 պետական վարժարաններու:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ նախարար Աշոտեան պիտի դիմաւորուի լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի կողմէ:
Նախարար Աշոտեան նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանահայ յարանուանական եւ միութենական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Ան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ պիտի տեսակցի նաեւ լիբանանահայ լրագրողներու հետ:
Յայտնենք, որ երէկ կէսօրին Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան յանձնուեցաւ տարրալուծարաններէն նմուշ մը:

