ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԲՐԳԱՁԵՒ ԵՒ ՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑ

Հայկական աշխարհը այսօր զօրաշարժի կ՛ենթարկուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան կեդրոնական հանգանակութեան օրուան առիթով: Հայրենակերտ ծրագիրներ ամէն տարի կու գան ներդրում մը աւելցնելու առաջադրուած կենսական ծրագիրներու, որոնք կը վերաբերին հիմնականին մէջ ճանապարհներու, ենթակառոյցներու, կրթութեան, ջրամատակարարման եւ նման կենսական ծրագիրներու: Հայրենաշինութեան առաջադրանքին առընթեր, սակայն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ազգովին աշխատելու եզակի առիթներէն է: Բրգաձեւ ու ցանցային կառոյցով` կեդրոնական հոգաբարձութեան խորհուրդէն մինչեւ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ գործող յանձնախումբերը այսօր կը բանին վայրկեան առ վայրկեան հասնելու համար առաջադրուած թիրախներուն:

Միջազգային ճգնաժամն ու տեղական պայմանները որեւէ ձեւով չեն կրցած ազդել այս ծրագիրներու մասնակցութեան տարողութիւններուն վրայ: Հայը, ուր որ ալ գտնուած է, չէ խնայած իր լուման եւ անպայման մասնակցած հիմնադրամին կողմէ յայտարարուած  տուեալ ծրագիրի իրականացման աշխատանքներուն:

Բնական է, որ այս ծրագիրներուն կարեւոր համեմատութիւնը, չըսելու համար մեծամասնութիւնը, յատկացուած է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն: Ռազմավարական առաջնահերթութիւններ որոշիչ գործօնի դեր կատարած են ընտրուած միջավայրին իւրայատկութիւններուն, աշխարհագրական դիրքին կարեւորութեան կամ տարրական պահանջներու բաւարարման նկատառումներով: Այս ծրագիրներու իրագործումը կը նպատակադրէ ժողովրդագրական նպատակներ` կենցաղային համեմատաբար բարենպաստ պայմաններու ստեղծումով:

Հիմնադրամը, իր անուանումով, համահայկական է: Նեղ սահմանումով զուտ հայաստանեան կամ արցախեան չէ: Ի պահանջեալ հարկին անիկա աշխատանքային առումով կրնայ թիրախաւորել նաեւ հայկական աշխարհի վերաբերող որեւէ աշխարհագրական միջավայր` տուեալ գաղութի կենսական կարիքներուն հասնելու առաջադրութեամբ: Որեւէ ատեն, երբ անհրաժեշտութիւնը զգացուի, օրինակ, Միջին Արեւելքի կրթական հաստատութիւններուն ձեռք երկարելու, ապա հիմնադրամին առաջնային թիրախը կրնայ դառնալ սփիւռքի հայ դպրոցը: Եթէ անշուշտ ամբողջ կազմակերպ սփիւռքի պահպանման համար յատկապէս մարդուժի հայթայթման տեսակէտէն կարեւոր կը նկատուի Միջին արեւելքի մէջ գործող հայկական վարժարանը:

Անհրաժեշտ է սակայն, որ այս առաջնահերթութիւնները քննարկուին եւ ճշդուին միասնաբար` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնական մարմնին եւ շրջանային-տեղական յանձնախումբերուն մէջ, որպէսզի ճշդուած թիրախի առաջնայնութիւնը եւս ունենայ համահայկական մօտեցում, համահայկական կարեւորութիւն եւ տարողութիւն:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը համահայկական մտածողութեան եւ համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման ամէնէն գործնական աշխատանոցը կրնայ հանդիսանալ, քանի որ, ինչպէս ըսուեցաւ, այն եզակի կառոյցներէն է, որ տարիներու վրայ երկարող փորձառութիւն ունի, ինչպէս ծրագրաւորումներու, այնպէս ալ իրականացումներու իր բաժիններով:

Հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ուղղակի հայութեան կազմակերպ կեանքին սպառնացող տարբեր երեւոյթներ գոյութիւն ունին այսօր: Եթէ տեղ մը միջազգային ահագնացող տնտեսական ճգնաժամն է, այլ տեղ ներհասարակական փոթորիկներու բերումով ստեղծուած քաոսային կացութիւնն է, ուրիշ տեղ մը` ապահովական պայմաններու բերումով վերստին ծայր առնող արտագաղթն է: Այս իրողութիւնները զուտ տեղական նշանակութիւն չունին, եթէ իրադարձութիւններու դիտարկումները կը կատարենք համայն հայութեան վրայ ունենալիք ազդեցութիւններու եւ հետեւանքներու պրիսմակներով:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամէնէն խօսուն ու գործնական փաստերէն է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր կառոյցով, իր ներկայացուածութեամբ, իր ճշդած աշխատանքային թիրախներով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքով: Լիբանանահայ գաղութին այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը հաստատումին բարացուցական մանրապատկերն է: Այսօր այդ փաստը կը վերահաստատուի անպայման:

 

Share this Article
CATEGORIES