ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐԸ

Վաղը` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէլ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած եւ աւանդական դարձած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսը:

Այս առիթով կը ներկայացնենք հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներուն նուիրուած այս յօդուածը` անոնց իւրայատկութիւնները առաւել եւս լուսարձակի տակ առնելու համար:

Հայկական ասեղնագործութիւնը մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր: Անիկա լայն տարածում ունեցած է ժողովուրդի կենցաղին մէջ: Թագաւորական եւ իշխանական տուներու կիներ ասեղնագործած են մետաքսէ եւ թաւշեայ կտորներու վրայ, իսկ ժողովրդական խաւին աւելի մատչելի եղած են բամպակէ եւ բուրդէ կտորները: Կ՛օգտագործէին ոսկեթելը, արծաթաթելը, ինչպէս նաեւ մագարիտ ու թանկարժէք քարեր:

Հայաստանի բոլոր գաւառներուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ կիներ ասեղնագործած եւ յարդարած են իրենց բնակարանները: Մայրեր ու ազգականներ աղջիկ զաւակներու օժիտը կը պատրաստէին անոնց մանկութենէն սկսեալ` ասեղնագործելով ձեռքի տակ եղած օրինակները, երբեմն ալ յաւելումներ կատարելով:

Այսպէս, դարերու ընթացքին ասեղնագործութիւնը նոր մղում ստացած է: Իւրաքանչիւր հայկական աշխարհագրական տարածք կամ նահանգ ունեցած է այդ շրջանին անունը կրող իւրօրինակ ասեղնակար կամ հիւսուածք:

Հանրածանօթ ասեղնակարերէն կամ ձեռագործներէն յիշենք.

Այնթապի գործ, Մարաշի գործ, Ուրֆայի գործ, Ասեղնագործ կամ հայկական ժանեակ, Սվազի (Սեբաստիա) գործ, Վանի գործ, Վասպուրականի գործ, Քիլիսի գործ, Մալաթիոյ գործ, Կեսարիոյ գործ, Տրապիզոնի գործ, Տիգրանակերտի գործ:

Այնթապի ձեռագործը ճանչցուած է որպէս ջանջիլի (որ կը նշանակէ բարակ բամպակէ ճերմակ կտոր) կար, իսկ ամերիկացի միսիոնարները զայն անուանած են «հայկական ճերմակ գործ»: Հակառակ այդպէս ճանչցուած ըլլալուն` Այնթապի գործը կ՛աշխատին նաեւ զանազան գոյներով` լինոն, բամպակ, մետաքս կտորներու վրայ: Այնթապի գործին համար քերկահը անհրաժեշտ է, որովհետեւ կտորը պէտք է լաւ ամրացուած ըլլայ: Կտորէն թելեր կը քաշեն եւ այդ թելերը բաժնելով` փեթակի նման կը լեցնեն, երբեմն լման կլոր մկրատով կը կտրեն կտորէն եւ մէջը ասեղնագործի նման կը լեցնեն: Ամենաշատ գործածուած օրինակը եռանկիւնաձեւ 8 գագաթներով աստղերն են:

Այնթապի կարը հարուստ է ասեղի տեսակներով, օրինակ` Աննայի օրինակ, ճեմալեան (ճեմել), ոսպի ասեղ եւ այլն: Մինչեւ 80 տեսակի կարեր գոյութիւն ունին:

Այնթապի գործը Այնթապէն դուրս չէ տարածուած, այնպէս` ինչպէս Ուրֆայի եւ Մարաշի գործերը: Այնթապի գործը միշտ ալ եղած է այնթապցի օրիորդին կամ կնոջ մասնագիտութիւնը միայն: Անիկա առաջին անգամ մուտք գործած է Հիւսիսային Ամերիկա` ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, որոնք հաստատուած էին Այնթապի մէջ:

Այնթապի ձեռագործները աւելի ժողովրդականութիւն գտան եւ աւելի տարածուեցան 1915-ի ջարդերէն ետք, երբ արդէն որբանոցներու եւ աշխատանոցներու մէջ սկսան այս արուեստը սորվեցնել հայ որբերուն` որպէս ապրուստի միջոցի:

Այնթապի գործը բանուած է նաեւ Հնդկաստանի մէջ, յայտնի չէ սակայն, թէ ինչպէ՛ս զուտ հայկական այս ձեռագործը հոն հասած է:

Խեղաթիւրումներ կան նաեւ օտար արուեստաբաններու կողմէ, որոնք խղճի մեծ հանգստութեամբ հայկական ասեղնագործութիւններ կը ներկայացնեն իբրեւ թրքական: Զարմանալի չէ երբեք, ի վերջոյ, երբ բռնագրաւուած հողը սեփականութիւն կը համարուի, հոն զարգացած արուեստը եւս բնականաբար կ՛իւրացուի:

ՄԱՐԱՇԻ ԳՈՐԾ: Զուտ հայկական կար է Մարաշի գործը, որ սխալ կերպով օտարներու մօտ ճանչցուած է որպէս «Մալթեզի» (Maltese) կար: Մարաշի կարը երեք տեսակ անուն ունի. առաջին` հարթակար, որ Մարաշի ամենահին կարն է, կոթկար, որ կը կոչուի նաեւ Զէյթունի կար. այս երկու տեսակի կարերով կ՛ասեղնագործեն ծառեր, ծաղիկներ, տերեւներ եւ թռչնազարդեր: Կ՛աշխատցուին աւելի հաստ ոլորքով, փափուկ բամպակէ թելերով, հետը կը գործածեն նաեւ բուրդ, մետաքս, նոյնիսկ` ոսկեթելեր: Այս երկու կարերը, պարզ ըլլալնուն համար, շատ տարածուած են հայաբնակ շրջաններու մէջ: Իսկ հիւսուած կարը երրորդ տեսակն է, որ կը կոչուի նաեւ գաղտնակար. այս մէկը իր ձեւի եզակիութեամբ եւ կարի բարդութեան պատճառով շատ չէ տարածուած: Կարը ամբողջացած` ձուկի ողնայարի կը նմանի, օրինակները ընդհանրապէս եռանկիւններ, խաչեր, շրջանակներ եւ քառակուսիներ են եւ աւելի` երկրաչափական օրինակներ:

Այս կարը կ՛աշխատցուի լինոն, բուրդ, բամպակ, թաւիշ, մետաքս եւ սաթէն կտորներու վրայ:

Հարթակարի եւ հիւսուած կարի ձեռագործները կը յիշեցնեն հին հայկական քանդակները, խաչքարերը, կովկասեան կամ պարսկական գորգերը:

Մարաշի գործը այնքան փնտռուած չէ, պարզ այն պատճառով, որ գործածուած թելերու գոյները եղած են շատ զօրաւոր ու գոյներու ընտրութիւնը` աչքառու: Շատ աւելի ուշ է, որ ԼՕԽ-ի աշխատանոցին մէջ վերատեսութեան ենթարկուած է գոյներու դասաւորումը ու աւելի մեղմ կամ ներդաշնակ համադրութեամբ հրապարակուած` զանազան ցուցահանդէսներու ընթացքին եւ դարձած` գրաւիչ:

ՈՒՐՖԱՅԻ ԳՈՐԾ: Ուրֆայի գործը նկարչութեան կը նմանի: Աշխատանքը «լիցք» կը կոչուի, եւ իւրաքանչիւր օրինակ` ծաղիկ, տերեւ, ճիւղ լեցուելէ ետք կը շրջանակուի ոսկեգոյն թելով կամ բանուած գոյնին աւելի մութ երանգովը, որպէսզի օրինակը աւելի ցցուն դառնայ: Ուրֆայի գործը ներկայիս մետաքս կտորի վրայ մետաքս թելով կ՛աշխատին: Անցեալին Ուրֆայի ձեռագործի կտորը տունը կը պատրաստէին վուշի թելերով: Գաւառներու մէջ բանած են կոշտ կտորներու կամ «քաթան»ներու վրայ, շատ բաց կամ մարած գոյներով:

Ուրֆայի գործը եւս, Մարաշինին պէս, ենթարկուած է եղափոխութիւններու այն իմաստով, որ հետզհետէ ան բանուած է նուրբ կտորի վրայ, առաւելաբար` մետաքսի վրայ իսկ գոյները դարձած են քիչ մը աւելի վառ, բայց անպայմանօրէն` ներդաշնակ:

Ուրֆայի գործը ծանօթ է մէկ իւրայատուկ ասեղով. մեքենայի կարի ոճով, ինչպէս` վերադարձ, այս անգամ պարապները լեցնելով ու կրկնուած շատ-շատ խիտ կերպով:

Ուրֆայի գործը, ամբողջացած, կը նմանի գեղանկարչութեան եւ օրինակները ընդհանրապէս ծաղիկներ, տերեւներ եւ թռչնագրեր են:

ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾ: Ամենադժուար եւ հնագոյն գործերէն մէկն է ասեղնագործը: Միւս ձեռագործներուն նման չունի հիմք մը` քերկահ, շրջանակ կամ կտոր, որուն վրայ գծեն եւ աշխատին. հիմքը, ասեղն ու թելն են, եւ` բանողին մատներն ու երեւակայութիւնը: Աշխատողն է, որ օդին մէջ, մատներուն վրայ ոչինչէն բան մը պիտի ստեղծէ. այդ ոչինչը ասեղնագործին հանգոյցներն են:

Ասեղնագործը հանգոյցներով իրագործուած շղթաներու, օղակներու, հորիզոնական, ուղղահայեաց թէ շրջանակաւոր, ոստայնանման գեղեցիկ համադրումն է: Շատ նուրբ, մեծ վարպետութիւն եւ լարուած ուշադրութիւն պահանջող գործ մըն է, որ ընդհանրապէս ճերմակ, էքրիւ կամ պեժ գոյներով կ՛աշխատցուի:

Ասեղնագործի օրինակները առնուած կ՛ըլլան արեւու պատկերներէ, օրուան զանազան ժամերու` արշալոյսի եւ արեւամուտի աստիճանական ծագումն ու մայրամուտը օգտագործուած են որպէս նկարչական պատկերներ եւ այդ անուններով ալ ասեղնագործի օրինակները կը կոչուին` արեգ, այգ, արփի, արշալոյս, արարատ, կամուրջ, ոլորն, անսիա, առկօրիա, հատիկ, փեթակ, նշիկ, սիւնաշար եռանկիւն, ելակ, շուրջպար եւ այլն:

ՍՎԱԶԻ ԳՈՐԾ: Զուտ հայկական ասեղ է նաեւ Սվազի գործը. այս ձեռագործը կ՛աշխատին այնպիսի կերպասի մը վրայ, ուր կարելի ըլլայ ծակտիկները համրել, որովհետեւ գործը յենուած է համրանքի վրայ: Կերպասը կ՛ընտրեն ընդհանրապէս կա՛մ ճերմակ եւ կա՛մ բնական գոյնի երանգաւորումներով. ներկայիս էդամինի վրայ կ՛աշխատին գրեթէ միշտ վառ ու ցայտուն գոյներով:

Սվազի կարը ամենահետաքրքրականն է. խաչասեղ-լիցք եւ հարթակար: Ոչ միայն կտորին երեսը, այլ նաեւ հակառակ կողմն ալ նոյն նախշը պէտք է ըլլայ: Շարունակ պէտք է հետեւիլ կտորի թելերու հաշիւին: Այս կարին շուրջը սրճագոյն թելով կ՛եզերեն ցցուն տեսք տալու համար: Սվազի գործը ամբողջացած գորգի տեսք ունի:

ՎԱՆԻ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ: Ա. Վանի Ա. կարը կ՛աշխատցուի թափանցիկ կտաւի վրայ` թելերը հաշուելով: Գործող թելը թեք կը բարձրանայ երեք թել, ապա հորիզոնական երեք թել, շարունակաբար` նոյն ձեւով: Գործող թելը սեղմելով` կը ստացուի ցանցի նախշ, որուն շուրջ ոսկեթել հարթակարով մը կը գեղեցկանայ զարդանկարը:

Բ. Վանի Բ. կարը շղթայակարն է, ուր շատ խիտ շարքերով կը ծածկեն զարդանկարները: Ընդհանրապէս կ՛աշխատցուի գոյնզգոյն մետաքս թելով:

ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾ: Վասպուրականի կարին համար կը գործածուի կոշտ կտաւի գունաւոր թել: Կը բանուի թեք ուղղութեամբ յաջորդաբար: Ընդհանրապէս այս կարը ունի երկրաչափական հնագոյն զարդանկարներ:

ՔԻԼԻՍԻ ԳՈՐԾ: Այս կարին համար կ՛ընտրուին երկու տարբեր գոյնի կտորներ: Առաջինին վրայ կը գծուին նախասիրած զարդեր, մկրատով ճեղքեր կը յառաջացնեն ըստ այդ գիծերուն եւ կը տեղադրեն երկրորդ կտորին վրայ, կտրուած գիծերը կը բանան, կէս սմ. կը ծալեն եւ կ՛ամրացնեն տակի կտորին վրայ կողքակարով: Կը ստեղծուի կտրովի զարդանկար:

ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳՈՐԾ: Այս մէկը համրովի լիցքի գործ է, որ կ՛աշխատցուի ցանցի վրայ: Ցանցը պատրաստելու համար գործող թելը իւրայատուկ մետաղէ գործիքի օժանդակութեամբ կը յառաջացնէ հանգոյցներու ցանց, որուն վրայ կը բանուի պահանջուած զարդանկարը:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԳՈՐԾ: Այս կարը շատ նուրբ է: Թափանցիկ կտորի վրայ ոսկեայ եւ մետաքսեայ թելերով այնպէս խիստ կ՛աշխատին թեք հարթակարը, որ կը թուի, թէ գործուածը կերպաս է: Մետաղեայ կամ ոսկեթել ժապաւէնը, պտտելով նաշխին շուրջը, կը ցոլացնէ եւ կը գեղեցկացնէ զարդանկարը: Ոսկեթել երիզ ասեղնագործը աւելի կը հարստացնէ ձեռագործը:

ՏՐԱՊԻԶՈՆԻ ԳՈՐԾ: Իսկական արուեստի գործ է: Նախապէս կտորի վրայ գծուած զարդանկարները նախշելու համար ոսկեթել մետաղի եւ հաստ մետաքսաթելի ժապաւէններ կ՛օգտագործուին եւ կ՛ամրացուին կտորին վրայ կողքակարով:

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԳՈՐԾ: Այս եւս լիցքի կար է: Իւրաքանչիւր զարդանկար (ծաղիկ, տերեւ) շատ նրբօրէն կը նախշուի մետաքս թելի գոյնզգոյն երանգներով: Տիգրանակերտը նշանաւոր եղած է խոզակաբուծութեամբ: Տիգրանակերտցիք իրենց տան մէջ կը բուծանէին խոզակները, կը մանէին մետաքս թելերը, ինչպէս նաեւ կը հիւսէին մետաքս կերպասը:

ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄ
(Քաղուած` ԼՕԽ-ի «Հայկական ասեղնագործութիւն» գիրքէն)

Share this Article
CATEGORIES