ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ Ե. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Լիբանանի պասքեթպոլի Ե. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած վերջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելով Մուղամիրուն Խնշարայի (64-37 արդիւնքով) եւ Տուար Ռիատի դէմ (20-0 արդիւնքով), ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց խումբը Ե. դասակարգէն բարձրացաւ Դ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց խումբին մաս կը կազմեն Ժագ Նալպանտեան (մարզիչ-մարզիկ), Ժորժ Քըլզի, Փոլ Աւետիսեան, Ռոպեր Արապեան, Մհեր Տէր Առաքելեան, Ռազմիկ Եսայեան, Տարօն Տուտաքլեան, Հրակ Պեքարեան, Վիգէն Սվաճեան, Յարութ Արապեան, Հրանդ Պոյաճեան:
CATEGORIES Մարզական