50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷ՛Ք
ՎԱՂՈՒԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ

Լիբանանի թեմի Ազգային գաւառական ժողովը իր 16 դեկտեմբեր 1960-ի նիստին, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան տարիներուն ընթացքին արձանագրած աճը, որոշած էր իր թիւը 28-էն բարձրացնել 42-ի:

Վաղը` կիրակի, 26 նոյեմբեր, համաձայն Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց, Ազգային քաղաքական ժողովի 18 հոկտեմբեր 1961 թուակիր հրահանգով, միատեղ պիտի կատարուին յաւելեալ 12 աշխարհական երեսփոխաններու եւ Ազգային Գաւառական ժողովի վիճակաւ դադարեալ մէկ հինգերորդի ընտրութիւնները, լիբանանեան թեմի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Արդէն իսկ կազմուած են ընտրական յանձնախումբեր, որոնք աւարտած են նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները` օրինակելի եւ կարգապահ ընտրութիւններ կատարելու համար:

Ընտրելու իրաւունքը մեր Ազգային սահմանադրութեան կողմէ ճանչցուած բոլոր իրաւունքներուն մէջ ամէնէն նուիրականն ու թանկագինն է, որով իւրաքանչիւր ազգային ինքզինք իրաւասու կը զգայ գործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային կեանքին:

Շնորհիւ սահմանադրութեան այս տրամադրութեան` ազգային գործերը կը ղեկավարուին ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ազգայիններով, որոնք ժողովական կեանքի մէջ հարազատօրէն կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող զանգուածները:

Վերջին տասնամեակի ընթացքին մանաւանդ, եթէ Լիբանանի մեր թեմի ազգային կեանքը յարատեւ վերելք մը արձանագրած է զանազան մարզերէ ներս, ատիկա առաւելաբար կը պարտինք ազգային-վարչական մեքենային բարւոք աշխատանքին ու նաեւ` իրենց մէջ հանրանուէր ծառայութեան կոչում զգացող մեր հայրենակիցներուն նուիրումին:

Ազգային Գաւառական ժողովը իր Քաղաքական ժողովով, Կրօնական, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներով, ազգային գործերու վերին հսկիչի իր դերին մէջ եղաւ շարունակ եւ շնորհիւ անոր բոլոր օրկաններու յարատեւ աշխատանքին` կարելի եղաւ կարգ ու կանոն մտցնել հանրային կեանքէն ներս, համապատասխան արդիւնքներով:

Հիմա, երբ Լիբանանի մեր ժողովուրդի թիւին բնական աճման պատճառով Գաւառական ժողովը արդարօրէն անհրաժեշտ նկատած է աւելցնել նաեւ իր անդամներուն թիւը, վստահ ենք, որ աւելի ծաւալ պիտի ստանայ իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` իրմէ բխած օրկաններուն աշխատանքը:

Այս գիտակցութիւնը կը մղէ մեզ, կը մղէ բոլոր ազգասէր տարրերը` լրջօրէն մօտենալու հարցին եւ լաւագոյնս արժեցնելու քուէի իրենց իրաւունքը:

Նոյն ատեն այս իրաւունքը պարտականութիւն մըն է, որմէ ոչ ոք պէտք է խուսափի: Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց պայմանները լրացնող ոչ մէկ հայրենակից պէտք է անմասն մնայ ազգային գործերու յանձանձումէն, ու ատիկա կ՛ըլլայ միայն քուէարկութեան մասնակցելով, առաւելագոյն ձայները կեդրոնացնելով այն անձերուն վրայ, որոնք մեզ պիտի ներկայացնեն լիբանանահայ թեմի ազգային ժողովականութեան մէջ:

Ոչ ոք իրաւունք ունի թերանալու իր այս նուիրական պարտականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր քուէ իր արժէքն ունի, իւրաքանչիւր ձայն կ՛անդրադառնայ ընտրութեանց եթէ ոչ արդիւնքին, բայց անպայմանօրէն արժէքին վրայ:

Հետեւաբար, վաղը, մեր բոլոր հայրենակիցները կարգապահ շարքերով պէտք է դիմեն քուէարկութեան կեդրոնները` կատարելու համար իրենց պարտականութիւնը:

Թերացումը` ազգին հանդէպ պարտազանցութիւն է, գիտակից մասնակցութիւնը քուէարկութեան` պարտաճանաչութիւն:

Մեր հայրենակիցները վաղը պիտի գիտնան պարտաճանաչ ըլլալ, ինչպէս եղած են միշտ:

Share this Article
CATEGORIES