ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՊԱՆՔՍԻ ԻՐ ԴՐՈՇՄԸ ԿԸ ՁԳԷ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Պոսթընի Չինական թաղամասին մէջ պատկեր մը ցոյց կու տայ արուեստագէտ մը, որ ջնջած է «Ֆալօ եուր տրիմզ» (հետեւէ երազներուդ) բառերը եւ զանոնք փոխարինած է կարմիր ներկով դրոշմուած «քենսըլտ» (ջնջուած) բառերով:

ՄԻՆՉ ՊԱՏԵՐԸ ԽԾԲԾՈՂ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌՈՊՊՕ ԻՐ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԻՐՄԷ ԵՏՔ ՓԱՅԼԱԾ ՊԱՆՔՍԻԻ ԴԷՄ, ԱՅՍ ՎԵՐՋԻՆԸ ԻՐ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԻՐ ՄՐՑԱԿԻՑԷՆ ԱՌԱՋ ԲՐԻՏԱՆԻԱՅԷՆ ԿԸ ՏԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ` ՆԵՐԳՐԱՒԵԼՈՎ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ:

Սթենսիլով դրոշմած անոր խծբծուած պատկերները կարելի է տեսնել աշխարհի տարածքին քաղաքային յատկանշական վայրերու մէջ, փողոցներուն անկիւնը, բնակարանային կալուածներու վրայ եւ քաղաքապետական կառոյցներու վերեւ, պաղեստինեան տարածքներէ մինչեւ Լոս Անճելըս, Աւստրալիա եւ իր ծննդավայր Պրիսթոլի մէջ:

Փողոցներու մէջ արուեստ ստեղծող այս արուեստագէտը, որ ծանօթ է իբրեւ Պանքսի, վերջերս աւարտեց դէպի Միացեալ Նահանգներ շրջապտոյտ մը` իր ետին ձգելով պատերու վրայ խծբծուած երգիծական, անիշխանական եւ ընկերային քննադատութիւններ պարունակող պատկերներ, որոնց մէկ մասը իշխանութիւնները ծածկեցին ներկով, ուրիշներ արժանացան անցորդներու ուշադրութեան, ոմանք թիրախ դարձան մրցակիցներու աւերին, իսկ շատերը խանդավառ կերպով լուսանկարուեցան անոր երկրպագուներուն կողմէ:

Անցեալ յունուարին Սանտենսի շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուած էր Պանքսի «Էկզիթ շափ» ժապաւէնը, որ կը պատմէր իրեն պէս փողոցներուն մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներու, ինչպէս` Լոս Անճելըս հաստատուած ֆրանսացի արուեստագէտ Թիերի Կուեթթայի պատմութիւնը: Այնուհետեւ Պանքսի ձեռնարկած էր դէպի Քանատա եւ Հիւսիսային Ամերիկա շրջապտոյտի մը` իր ետին ձգելով խծբծուած արուեստի նմուշներ, ուր որ այցելած էր:

Վերոնշեալ ժապաւէնին առաջին ցուցադրութեան առիթով ան 5 գործեր ստեղծած էր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Յաջորդ ամիս 6 նոր գործեր յայտնուեցան Թորոնթոյի եւ Օնթարիոյի մէջ, թէեւ գրեթէ բոլորն ալ ջնջուեցան կարճ ժամանակ մը ետք: Անոնցմէ մէկը կը պատկերէր գործատէր մը` գործի պայուսակը ձեռքին, եւ` վիզէն կախուած նշան մը, որուն վրայ գրուած էր. «0 առ հարիւր հետաքրքրութիւն` մարդոց նկատմամբ»:

Պանքսի նաեւ այցելած էր Տիթրոյթ եւ իր կնիքը ձգած էր երեք վայրերու մէջ. անոնցմէ մէկը կը պատկերէր մանչուկ մը, որ կարմիր ներկի շիշ մը բռնած էր հետեւեալ բառերուն դիմաց. «Կը յիշեմ, երբ այստեղ միայն ծառեր կային»:

Պանքսիի նորագոյն գործերը յայտնուեցան Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Պոսթընի չինական թաղամասին մէջ անոր մէկ գործը կը պատկերէ պատերը խծբծող արուեստագէտ մը, որ ջնջած է «ֆալօ եուր տրիմզ» (հետեւէ երազներուդ) բառերը եւ զանոնք փոխարինած է կարմիր ներկով դրոշմուած «քենսըլտ» (ջնջուած) բառերով:

Պանքսիի պատկերներէն շատերը տարակարծութիւններ ստեղծած են: Անոր վերագրուած գործերէն մէկը Օսամա պըն Լատենը կը պատկերէր Սան Ֆրանսիսքոյի Կոլտըն Կէյթ կամուրջին դիմաց: Այլ գործ մը կը պատկերէր առնէտ մը` բահ մը բռնած. ան յայտնապէս կը տքնէր խիստ հսկողութեան տակ պահուած նախկին Ալքաթրազ բանտային կղզիին հողը փորել` ինքզինք դուրս բերելու յոյսով:

Համացանցի վրայ գոյութիւն ունի պատերը խծբծող արուեստագէտներէ եւ անոնց երկրպագուներէն կազմուած հաւաքականութեան մը: Անոնցմէ շատերը այս առիթով ճամբորդեցին Ամերիկա` ցանկագրելու համար նոր յայտնուող եւ անմիջապէս անհետացող խծբծուած պատկերները: Այս հաւաքականութեան հրապարակած մէկ տեղեկագիրին համաձայն, «Ալքաթրազի կալուածին սեփականատիրոջ պաշտօնեաները ներկով ծածկած են Պանքսիի ստեղծած արուեստի գործը»:

Փողոցներու մէջ պատերը խծբծող արուեստագէտներ ողջունած են դէպի Միացեալ Նահանգներ Պանքսիի շրջապտոյտը` զայն նկարագրելով իբրեւ տարիներէ ի վեր ամէնէն բեղուն ժամանակաշրջաններէն մէկը փողոցի արուեստի աշխարհին մէջ: Անոնք հաճոյքով դիմաւորած են «Պանքսիի առնէտները», զորս արուեստագէտը իր ասպարէզին սկիզբը սթենսիլով կը վերարտադրէր պատերուն վրայ, եւ որոնք այնուհետեւ դարձած են անոր արուեստին բնորոշ վաճառանիշներէն մէկը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES