ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ
Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 5:30, Պէյրութի Հըքմէ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկներու (ՄԱԱՀ) նոր տարեշրջանի առաջին ժողովը: Դպրեվանքին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գէորգ սրկ. Սապունճեան (Դ. ընծայարան) եւ Սարգիս Կարապետեան (Ա. ընծայարան):
Ժողովի ընթացքին ՄԱԱՀ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն քոյր Միշելը: Ապա ժողովը զբաղեցաւ 2012-ի «Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ»-ին առիթով կազմակերպուելիք միջդպրեվանեան շարականներու համերգով եւ որոշեց զայն կատարել 22 յունուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ:
Կիրակի, 13 նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկներու երկրորդ ժողովը: Դպրեվանքին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գէորգ սրկ. Սապունճեան (Դ. ընծայարան) եւ Սարգիս Կարապետեան (Ա. ընծայարան):
Ժողովին գլխաւոր օրակարգը կ՛ընդգրկէին ՄԱԱՀ-ի փոխնախագահի, գանձապահի եւ ատենադպիրի ընտրութիւնները եւ ՄԱԱՀ-ի կայքէջք մը ունենալու կարելիութիւնը: