ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ
Պուրճ Համուտը իւրայատուկ եւ աննախընթաց պատմական օր մը ապրեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին:
Արաքսի սիրտ` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, իր աշակերտներով եւ ուսուցչակազմով արտադպրոցական տօնակատարութիւն մը կատարեց: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին վարժարանի աշակերտութիւնը հայրենասիրական երգերով ճամբայ ելաւ` իրեն առաջնորդ ունենալով վարժարանիս անունը կրող հսկայ աղաւնի մը: Աշակերտները իրենց գլուխներէն վեր ծածանեցին Լիբանանի դրօշակը: Նախակրթարանի վեցերորդ դասարանէն ծիլ դասարան իրենց վրայ կրեցին ձեռային աշխատանքներ եւ մեծ խինդով թնդացուցին ամբողջ շրջանը` ուղղուելով դէպի հրապարակ:
Հրապարակին վրայ աշակերտները դիմաւորուեցան ծնողներուն կողմէ, ապա յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով: Իւրաքանչիւր դասարան իր մասնակցութիւնը բերաւ երգով, արտասանութեամբ, ընթերցողութեամբ` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց ուսուցիչ Մաքրուհի Պօղոսեան: Կոկիկ եւ ճոխ յայտագիրի աւարտին Պուրճ Համուտի հրապարակը զարդարուեցաւ վարժարանիս անունը կրող աղաւնիով:
Հնչեցին հայրենասիրական երգեր, արձակուեցան փուչիկներ եւ թնդացին ծափահարութիւններ:
Աշակերտները ոգեշնչուած անկախութեան տօնով` աւելի մեծ խանդավառութեամբ տողանցեցին դէպի դպրոց, պատշգամներէն, խանութներէն, ճամբաներէն ստանալով ժողովուրդին բարձր գնահատանքը, ծափահարութիւնները եւ մամիկներուն օրհնութիւնները:
Անկախութեան տօնի խորհուրդով եւ հայրենասիրական ջերմ զգացումներով լեցուած` աշակերտները վերադարձան իրենց «երկրորդ տունը» շարունակելու դասապահները: