ՎԱԽԱԶԴՈ՞Ւ, ԹԷ՞ ԶՈՒԱՐՃԱՆՔԻ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐ
Հռոմէացի կայսրերէն մինչեւ գնդապետ Քազզաֆի դիւրին է բռնապետեր սարսափազդու կերպարներէ զուարճալի կերպարներու վերածելը: Բայց մինչ իրենց վարքը յաճախ դաժան էր եւ արիւնալի, անոնք միայն այդ չէին, կը գրէ «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրող Մերի Պերտ:
11 մարտ 222 թուականին ապստամբ զինուորներու խումբ մը հալածեց ու յայտնաբերեց հռոմէացի կայսր Էլակապալուսի թաքստոցը` անոր հաւատարիմ մնացած սակաւաթիւ զօրքը կոտորելէ ետք: Կայսրը իշխանութեան եկած էր չորս տարի առաջ տեղի ունեցած յեղաշրջումով` այնուհետեւ ենթադրաբար զբաղելով արմատական կրօնական բարեփոխումներով, փտածութեամբ եւ ինքնարդարացումով:
Բռնապետը բռնուած է արտաքնոցի մը մէջ` ճարահատ յուսալով, որ կը փրկուի իր արեան ծարաւ ըմբոստներէն: Այդպիսի բախտ չունեցաւ: Ապստամբները զինք արմատախիլ ըրին, սպաննեցին, դին փողոցներուն մէջէն յաղթականօրէն քաշքշեցին եւ անդամահատուած բեկորները կոյուղին թափեցին:
Էլակապալուսի հռոմէական հաշիւները, պատումները կ՛աւարտին, եթէ ոչ ամբողջովին անվստահելի, բայց վստահաբար ծայրերը կլորցուած, մեղմացուած ձեւով: Անոնք կրնան նոյնքան մոլորեցնող ըլլալ, որքան` բջիջային հեռաձայնի այն նկարները, որոնց նպատակն էր արձանագրել գնդապետ Քազզաֆիի վերջին, արիւնալի պահերը: Բայց ինչ որ յստակ է, այն է, որ պատմութեան հիմնական գիծերը «բռնապետին մահը» (անյոյս թաքստոցներէ մինչեւ կոյուղի եւ բռնաբարում) արդէն լաւ հաստատուած են 2 հազար տարի առաջ:
Թէեւ բռնապետին մահուան պատմութիւններէն աւելին այսօր մենք կը կիսենք, կը բաժնենք հռոմէացիներուն հետ: Մենք անոնցմէ ժառանգած ենք նաեւ բռնապետին կեանքին մասին քլիշէ հիմնաչափը: Փաստօրէն մենք տակաւին առաւել կամ նուազ չափով հռոմէական տեսակէտով կը գործենք, թէ ի՛նչը յատկանշականօրէն բռնապետական է բռնապետի մը ընթացքին մէջ:
Այն ատեն, ինչպէս այժմ, անշուշտ սպանութիւնը կեդրոնական է դիմագիծին, զանգուածային չափերով, աստիճանով եւ երբեմն հնարամտօրէն ահաւոր ձեւերով:
Ներոն կայսրը ոչ միայն իր հակառակորդները կոտորեց, այլեւ փորձեց ձերբազատիլ իր մօրմէն` օգտագործելով յատուկ կառուցուած ընկղմելիք նաւակ մը: Իրականութեան մէջ դիմացկուն, պինդ հին թռչունը վարպետ լողորդ էր, եւ ապա ուղղափառ այլ ձեւեր պիտի օգտագործուէին զայն անհետացնելու համար:
Բայց ատիկա չի դադրիր բռնութեամբ: Բռնապետերը պատասխանատու են ընկերային կեանքի բնականոն օրէնքներու բոլոր տեսակի հերձումներուն, բզկտումներուն: Հերձումներ, որոնք առնուազն երկու հազարամեակ բռնապետութեան վաճառանիշը եղած են:
Սկսելու համար առնենք սեռի օրէնքը: Քազզաֆիի թիկնապահներու գումարտակի բարձրակրունկ, առաւելաբար իգական սեռէ կազմուած թիկնապահները տարտամօրէն, խորհրդաւոր կերպով կարծես մօտ են Էլակապալուսի կառավարող հռոմէական նոր ծերակոյտին, որ ամբողջութեամբ կիներէ կազմուած պիտի ըլլար:
Բայց դուք ատոր կրնաք աւելցնել բռնակալին հակումը այլանդակ, արտառոց բնակավայրի (Քազզաֆիի մասնայատուկ «վրան»էն մինչեւ Ներոնի տխրահռչակ «Ոսկետունը» Հռոմի մէջ) եւ անոր անստոյգ, տարակուսելի նախասիրութիւններն ու զբաղումները: Կ՛ըսուի, թէ Տոմինիք կայսրը իր հանգստեան պահերուն գրիչով թռչող միջատներ կը զարնէր, իսկ Քազզաֆիի յաճախանքն էր Քոնտոլիզա Ռայսի պատկերները հաւաքել եւ ատոնք իր հաւաքածոյ յուշատետրին մէջ տեղադրել:
ԲԱՄԲԱՍԱՆՔ ԵՒ ՄՏԱՀԱՃՈՅՔ
Սակայն, աւելի քան որեւէ բան, բռնապետը (հին կամ ժամանակակից) կ՛որդեգրէ տարօրինակ, արտառոց ձեւերու զգեստ: Էլակապալուս կայսրը քննադատուած էր ամբողջովին մետաքսէ պատրաստուած հագուածքին համար: Քազզաֆի ծաղրուած է իր յիմար, մնջախաղի զինուորական համազգեստներուն եւ անոնց վրայ շարուած կեղծ, անհարազատ մետալներուն համար: Անկեղծ ըլլալու համար «յիմարութիւնը» հոս հիմնականին մէջ ականատեսին աչքին մէջն է: Չարլզ իշխանին շատ զարդարուն, անճաշակ ռազմական համազգեստները ինչո՞ւ յիմար չեն թուիր, նոյնիսկ եթէ ան բնաւ, ըստ իմ տեղեկութիւններուս, իսկական պատերազմէ մէջ օրուան մը զինուորական ծառայութիւն չէ ըրած: Ես իսկապէս չեմ կրնար պատկերացնել:
Բռնապետերու այս կարծրատիպերը շփոթած խառնուրդ են իրականութեան, կէս իրականութեան, բամբասանքի եւ բացարձակ մտահաճոյքի, երեւակայութեան: Ես շատ կը կասկածիմ, որ Քազզաֆի ժամանակ ունէր միջազգային մամուլին մէջ փնտռելու Քոնտիի (Քոնտոլիզա Ռայսի, Ա.) լուսանկարները, կամ` Էլակապալուսի իգական ծերակոյտը նախնադարեան թապլոյտ երեւակայութեան հնարքէն, կեղծիքէն այլ բան ըլլայ:
Ուրեմն այդ բամբասանքները ինչո՞ւ այդքան երկար ապրեցան ու ամրապնդուեցան: Տարբեր պատճառներով, կը կարծեմ: Մասամբ ատոնք կոկիկ ձեւեր են բռնապետը սարսափազդու կերպարէն զուարճալի կերպարի վերածելու: Մասամբ ալ յիմար զգեստներուն եւ խելագար տուներուն մասին խօսիլը մեզի համար շատ աւելի դիւրին է, քան` բռնապետութեան հետ ընթացող խոշտանգումներուն եւ սպանութեանց մասին խօսիլը: Բայց մասամբ ատիկա ծուլութիւն է, ամբարիշտ-հրէշի հետ նոյնացնելու բռնապետին դիմագիծը` իր հագուստներէն մինչեւ իր խորքը:
Աւելի դժուար է բռնապետութեան երանգներուն մասին մտածելը: Եւ մասնաւորաբար դժուար է դիմակայել այն անյարմար, անհանգստացնող փաստը, թէ այս պժգալի բռնապետերէն շատ քիչեր ամբողջութեամբ վատ են, այնպէս` ինչպէս մեզի ձեռնտու է ենթադրել:
Ներոն կայսրը կրնայ ոճրագործ դահիճ մը եղած ըլլալ, բայց նոյնիսկ անոր ամէնէն բուռն քննադատները կը խոստովանին, որ ան հիանալի եւ աննախընթաց օժանդակութեան միջոցառումներ որդեգրեց ժողովուրդին համար, Հռոմի հրդեհէն ետք, 64 թուականին: Եւ, ինչպէս գիտենք, նոյնիսկ ամէնէն դաժան մարդասպանը կրնայ իր ընտանիքը խորապէս սիրել, բարի եւ մեծահոգի ըլլալ անոնց հանդէպ եւ փոխարէնը սիրուիլ: «Վատութիւնը» անյարմար բարդ ձեւերով կու գայ:
ՔԱՐԻՒՂԻ ՇԱՀՈՅԹ
Ես չեմ փորձեր վերականգնել Ներոն կայսրի «իմէյճ»ը, կամ տէր ըլլալ Քազզաֆիի համբաւին: Եթէ ես Լիպիոյ մէջ ապրէի, կը յուսամ, որ ապստամբներու կողմը կ՛ըլլայի: Եւ ես վստահ եմ, որ աշխարհը ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ վայր մըն է առանց զօրավարին: Թէեւ, արդեօ՞ք աւելի լաւ վայր մը պիտի ըլլայ Ազգային փոխանցման խորհուրդի այլ մարմինի մը փոխակերպումով, կը մնայ սպասել եւ տեսնել:
Իմ կարծիքս այն չէ որ մենք պէտք է Քազզաֆին իբրեւ լաւ մարդ տեսնենք, ոչ ոք պիտի փորձէր ատիկա համոզել Իվոն Ֆլեչըրի կամ Լոքըրպիի օդանաւային ականահարումի զոհերուն ազգականներուն: Իմ կարծիքս այն է, որ մենք մեզ կը ստորագնահատենք, եթէ մենք քիչ մը աւելի աշխատանք չտանինք կարծրատիպերէն անդին շարժելով` բռնապետին աւելի բարդ երեւոյթը տեսնելու, տեսակէտ կազմելու: Անհրաժեշտ է, որ մենք հասկնանք, թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ կողմնակից էին իրեն (եւ բաւական կրքոտ) եւ միշտ վատ մարդիկ չէին, վատ պատճառներու համար:
Դուք բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ ինչո՛ւ Նելսըն Մանտելա այնքան լաւ բարեկամն էր Քազզաֆիի: Կամ` ինչո՞ւ Մանտելայի թոռը իրականութեան մէջ Քազզաֆի կը կոչուի: Ատիկա կ՛երթայ մինչեւ 1970-ական եւ 80-ական թուականները, երբ Քազզաֆի կանխիկ գումար եւ զէնք տուաւ Ափրիկէի Ազգային խորհուրդին խտրականութեան` ափարթէյտի դէմ անոնց պայքարին մէջ:
Անշուշտ ան հաւանաբար նոյնը ըրաւ աւազակներու, եղեռնագործներու որեւէ խումբի, որ Թրիփոլի հասաւ «հակագաղութարարական դատին» համար դրամ մուրալու:
Սակայն այս պարագային, երբ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ, որոնք տակաւին հակաափարթէյտ ազատամարտիկները ահաբեկիչներ կը նկատէին, եւ երբ բրիտանական կառավարութիւնը իր կրունկները ամուր կը սեղմէր նոյնիսկ սպիտակ Հարաւային Ափրիկէի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու վրայ: Քազզաֆի յայտնուեցաւ իր օգուտներով: Լիպիոյ ցուցանիշը անպայման տարբեր կը տեսնէք, երբ նայիք ափրիկեան, այլ ոչ թէ եւրոպական տեսանկիւնէն:
ՔԾՆԱՆՔԸ «ԱՆՎՍՏԱՀԵԼԻ» Է
Ատիկա նաեւ քիչ մը տարբեր կը տեսնուի, եթէ դուք մխրճուիք պատերազմէն առաջ Լիպիոյ մէջ տիրող վերջին պայմաններուն մասին վիճակագրութեան (պատրաստուած` Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի կողմէ, որոնք դժուար թէ բնական բարեկամներն են գնդապետ Քազզաֆիի): Ո՛չ, այդ վիճակագրութիւնները որեւէ լաւ լուր չեն պարունակեր Լիպիոյ մարդկային իրաւանց մասին: Քազզաֆիի վարչակարգը լաւագոյն պարագային մենատիրական է, վատագոյն պարագային` վայրագօրէն ճզմող:
Բայց ինչպէս յաճախ ըսած ենք, որ մարդոց կեանքի տեւողութիւնը Լիպիոյ մէջ կը գերազանցէ իր դրացիները, որ` Լիպիա ունի երեխաներու մահուան էապէս ցած մակարդակ, քան` Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը կամ Թունուզը: Լիպիա ունի անվճար հիւանդանոցներ եւ մանուկներու խնամք: Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Լիպիա գրագիտութեան ամէնէն բարձր մակարդակը ունի (եւ ասիկա Միացեալ Նահանգներու, այլ ոչ թէ լիպիական քարոզարշաւի մեքենային հաշուարկներով):
Քարիւղի շահոյթը պարզապէս միայն քիչերուն գրպանները չէ հոսած, կամ չէ մսխուած գնելու այն զէնքերը, որոնք տակաւին կը մնան պահեստանոցներուն մէջ: Քազզաֆիի վարչակարգին օրով կատարուող բոլոր սխալ բաներուն մէջ, կային նաեւ ճիշդ բաներ:
Հռոմէացիները իրականութեան մէջ մեզմէ քիչ մը աւելի պատրաստուած էին` դիմակայելու բռնապետութեան բարդութիւնները: Ներոն կայսրին շուրջը իրենց երերցուցած, խաղցուցած բոլոր քլիշէներուն մէջ անոնք կանգ առին մտածելու, թէ ինչպէ՛ս բացատրեն կայսրին ըրած լաւ գործերը: Արդեօ՞ք ան լաւ սկսած էր եւ ապա` վատացած: Կամ` արդեօ՞ք ան զոհն է խորհրդատուներու փոփոխութեան:
Հռոմէացի պատմաբաններէն ամէնէն սրամիտը, իմաստունը Քոռնելուս Թասիտուսն էր, որ եղունգը գլխուն զարկաւ: Իր գիրքին նախաբանին մէջ, որ կը ներառէր Տոմինիք կայսեր վարքն ու գործունէութիւնը, Թասիտուս անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս լաւագոյնս պէտք է վերլուծել բռնապետութիւնը: «Ատիկա խնդրական է, որովհետեւ ճշմարտութիւնը գտնելը շատ դժուար է», գրեց ան:
«Փորձութիւնը երկու ուղիներէն մէկով երթալն է. ամբողջական փառաբանում բռնապետերու նուաճումներուն կամ ընդհանուր դատապարտում անոր ոճիրներուն:
Ընթերցողները, չեն վստահիր դրական արտայայտութիւններուն, կասկածելով թէ անոնք շողոքորթութիւն են: Ատիկա հաճոյախօսութիւն կը թուի: Անոնք (ընթերցողները) հակուած են վստահելու անարգանքի, քանի որ քննադատութիւնը, ըստ երեւոյթին, աւելի առարկայական կը թուի անոնց: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ այդ անպայման ճիշդ է»:
Հաւանաբար յաջորդ անգամ մենք պէտք է յիշենք Թասիտուսի խօսքերը, երբ ժամանակավրէպ բռնակալ մը կոյուղիէն դուրս սողայ դէպի իր մահը: