ԼԻՊԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ. ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ (Բ.)
ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՐԸ
Նկատի առնենք Լիպիոյ հակադրութիւնը Սուրիոյ հետ: Վերջին ամիսներուն սուրիական ընդդիմութիւնը ամբողջովին ձախողեցաւ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու:
Սուրիոյ մասին ստացուած շատ տեղեկութիւններ կու գան երկրէն դուրս գտնուող հակաասատեան տարրերէ, որոնք վարչակարգի տապալումին նկարը կը գծեն: Ասիկա, պարզապէս, չէ պատահած մեծ մասամբ, որովհետեւ Ասատի զինուորականութիւնը հաւատարիմ է եւ` լաւ կազմակերպուած, մինչ ընդդիմութիւնը անկազմակերպ եւ տկար է: Կրնայ ըլլալ, որ ընդդիմութիւնը շատ մեծ թիւով համակիրներ, կողմնակիցներ ունի, սակայն զգացումը պարտութեան չի մատներ հրասայլերը: Ինչպէս որ Քազզաֆի յաղթանակի սեմին էր, երբ ՕԹԱՆ միջամտեց, չի թուիր, թէ սուրիական վարչակարգը տապալումի եզրին հասած է: Դժուար է երեւակայել, պատկերացնել ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւն երկրէ մը ներս, որ սահմանակից է Թուրքիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի, առանց նկատի առնելու շրջանային քաոս ստեղծելու վտանգները: Ընդհակառա՛կը, Քազզաֆի մեկուսացած, կղզիացած էր քաղաքականօրէն եւ աշխարհագրականօրէն:
Սուրիա մօտ էր Իրանի` նախքան ապստամբութիւնը: Իրան սուրիական վարչակարգին ամէնէն շատ զօրակցողն է: Եթէ Ասատ յաղթական դուրս գայ այս տագնապներէն եւ գոյատեւէ, Իրանի հետ գործակցելու իր ցանկութիւնը միայն պիտի աւելնայ: Լիբանանի մէջ Հըզպալլա (խումբ մը, որուն իրանցիները կը զօրակցին տասնամեակներէ ի վեր) հիմնական ուժ է: Ուրեմն, Իրաքէն Միացեալ Նահանգներու հեռացումով կ՛աճի իրանեան ազդեցութիւնը Իրաքի մէջ, եւ Ասատ չի տապալիր, ապա շրջանին մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը ամբողջութեամբ կը փոխուի:
Ասիկա պիտի բարձրացնէ իրանեան յարակից առանցքի ազդեցութիւնը Պարսից ծոցէն մինչեւ Միջերկրական` անցնելով Սէուտական Արաբիոյ հիւսիսային սահմանին եւ Թուրքիոյ հարաւային սահմանին երկայնքով: Իրանեան ազդեցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով իր ուղղակի անդրադարձը պիտի ունենայ Իսրայէլի սահմանին վրայ:
Սէուտցիք, իսրայէլացիք եւ թուրքեր ի՞նչ պիտի ընեն, յստակ չէ: Իրանցիները իրենց դիրքը ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն, նոյնպէս յստակ չէ: Հակառակ իրենց մասին ստեղծուած տպաւորութեան` իրանցիք շատ զգուշ են իրենց բացայայտ գործողութիւններուն մէջ, եթէ նոյնիսկ վտանգներ յանձն կ՛առնեն իրենց ծածուկ գործողութիւններուն մէջ: Անոնց կողմէ զինուորական ամբողջական եւ բացայայտ տեղակայում այս շրջանին մէջ անհաւանական է, գոնէ` գումակային պատճառներով:
Տակաւին, այսպիսի տեղակայումի մը կարելիութիւնը եւ անկախ զինուորական շարժումէ քաղաքական գործուն ազդեցութեան իրականութիւնը ռազմավարականօրէն յատկանշական է: Ասատի տապալումը կրնայ այրել իրանեան ազդեցութիւնը եւ միեւնոյն ատեն կրնայ ծնունդ տալ սիւննի իսլամական վարչակարգի մը:
Այստեղ կէտը անշուշտ այն է, որ Իրաքէն քաշուելու որոշումը եւ անկարողութիւնը` համոզելու Իրաքի կառավարութիւնը, որ ամերիկեան զօրքերը մնան, շրջանին մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը փոխելու ներուժը ունի: Փոխանակ գիրքը փակելու Իրաքի վրայ` ատիկա պարզապէս կը բանայ նոր գլուխ մը, ինչ որ միշտ կար Իրաքի ենթախորագիրին մէջ. իրանեան իշխանութիւնը: Սատտամ Հիւսէյնի տապալումին յաջորդած Իրաքի մէջ քաղաքացիական պատերազմը շատ հարթութիւններ ունի, սակայն ատոր ամէնէն ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցողը Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ մենամարտն է: Օպամայի վարչակազմը յոյս ունի, որ կրնայ պահպանել Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը Իրաքի մէջ` առանց ամերիկեան ուժերու ներկայութեան: Տրուած ըլլալով, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը իր ուժերու ներկայութեամբ միշտ լարուած էր, ասիկա մխիթարական, թէեւ` կասկածելի տեսութիւն մըն է Ուաշինկթընի համար` վատնելու, սպառելու:
Լիպիական ճգնաժամը բարձր գրաւներ, խաղադրոյքներ ունեցող շրջանի մը մէջ չէ, բայց Իրաքի դասը օգտակար է: ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը դաշտը, բեմը պատրաստուած է կռիւի մը համար խումբերու միջեւ, որոնք դիւրութեամբ չեն հաշտուիր, եւ որոնք իրարու կապուած էին Քազզաֆիի դէմ իրենց ունեցած թշնամանքով, եւ ապա` ՕԹԱՆ-ի աղբիւրներով: Եթէ ՕԹԱՆ պարզապէս մեկնի Լիպիայէն, ապա քաոսը կը հետեւի: Եթէ ՕԹԱՆ օգնութիւն տայ, մէկը պէտք է պաշտպանէ այդ օգնութիւնը բաժնող կառոյցներուն աշխատակիցները: Եթէ ՕԹԱՆ զօրք ղրկէ, մէկը պիտի յարձակի անոնց վրայ, եւ երբ անոնք ինքնապաշտպանութեան դիմեն, անոնք անմեղներ պիտի սպաննեն: Պատերազմին բնոյթը ասիկա է: Մաքուր պատերազմի մը գաղափարը երազ, երեւակայութիւն է: Ատիկա այն չէ, որ ժամանակ առ ժամանակ պատերազմը անհրաժեշտ է, բայց պատերազմը, որ պատրանաթափ կ՛ընէ, միշտ վնասակար է: Իրաքի մէջ պատերազմը մոլորեցնող, պատրանաթափ ընող էր շատ առումներով, եւ հաւանաբար` ոչ մէկ տեղ այնքան աւելի, քան` Միացեալ Նահանգներու մեկնումի ձեւին մէջ: Ատիկա կը կրկնուի Լիպիոյ մէջ, թէեւ` աւելի փոքր գրաւներով:
Նոյն ատեն, Իրաքի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը պիտի աճի, եւ այժմ հարցումը Սուրիան է: ՕԹԱՆ-ի այլ պատերազմ մը Սուրիոյ մէջ անհաւանական է եւ կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ: Ասատի գոյատեւումը կրնայ իրանեան ազդեցութեան աննախընթաց տարածք ստեղծել, մինչ Ասատի տապալումը դուռը պիտի բանայ վարչակարգերու, որոնք իսրայէլեան միջամտութիւն մը պիտի հրահրեն:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը լաւ էր, որովհետեւ մաքուր աւարտ մը հրամցուց, բացի եթէ դուք հաշուի առնէք, որ Պաղ պատերազմը եւ հիւլէական վաղահաս պատերազմի վախը անմիջապէս յաջորդեցին ատոր: Պատերազմները հազուադէպօրէն մաքուր կ՛աւարտին, սակայն բաւական կը թարախոտեն կամ գետինը կը պատրաստեն յաջորդ պատերազմին: Մենք ատիկա յստակօրէն կը տեսնենք Իրաքի մէջ:
Համընդհանուր շնորհաւորանքները` Քազզաֆիի մահուան առիթով, նոյնքան չարագուշակ են, որքան բոլոր յաղթանակներու տօնակատարութիւններն են, որովհետեւ անոնք կ՛անտեսեն վճռական հարցումը.
«Այժմ ի՞նչ»:
ՃՈՐՃ ՖՐԻՏՄԸՆ
«Սթրաթֆոր»