«ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ»-ԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
Գաղութային ձեռնարկներու ժամանակացոյցը համակարգելու եւ խաչաձեւումներու առաջքը առնելու համար, «Ազդակ»-ի կայքէջը մօտ օրէն կ՛օժտուի «Գրաւուած օր»-երու մնայուն օրացոյցով մը:
Ձեռնարկներու կազմակերպիչ մարմիններ եւ վարչութիւններ «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուող իրենց «Գրաւուած օր»-երը կրնան տեղադրել նաեւ օրացոյցին վրայ, որ պիտի ունենայ մնայուն բնոյթ եւ պիտի պահուի մինչեւ տուեալ ձեռնարկին կայացումը: Շնորհիւ այս օրացոյցին, որեւէ ձեռնարկի կազմակերպումէ առաջ, կարելի պիտի ըլլայ այցելել կայքէջ եւ ստուգել, թէ նախօրօք տուեալ օրը կամ տուեալ ժամը «գրաւուա՞ծ է», թէ՞ ոչ:
Նորաստեղծ այս օրացոյցը պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ գաղութի ձեռնարկները ծանօթացնող տեղեկատուական միջոց:
CATEGORIES Գաղութային