ԼՕԽ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՄԻԶԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Միզային համակարգի հիւանդութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը սեռային առողջութեան վրայ» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր միզասեռական համակարգի մասնագէտ տոքթ. Զարեհ Գասարճեան:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը, կարեւորութեամբ յիշեց առողջապահական մաքրութեան, փոխանցուող մանրէներէ զգուշանալու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ որոշ տարիքէ ետք բժշկական մասնագիտացած քննութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան` նշելով, որ նախազգուշութիւնը լաւագոյն դարմանն է:

Տոքթ. Զարեհ Գասարճեան դասախօսութիւնը սկսաւ ներկայացնելով թեման, զոր բաժնեց երեք գլխաւոր մասերու`

ա- Փոքրեր:
բ- Սեռային հասունութեան պատանեկան շրջան:
գ- Հասուն, մեծեր:

Դասախօսը շեշտեց, որ բոլոր պարագաներու նախազգուշութիւնը լաւագոյն միջոցն է կանխարգիլելու տարբեր հիւանդութիւններ:

Ան խօսեցաւ արական եւ իգական սեռերու միզասեռային համակարգին մասին` համապատասխան բացատրութիւններով:

Առաջին բաժինով տոքթ. Գասարճեան առանձնացուց փոքրերու պարագան` իւրաքանչիւրի սեռի առնչուած իւրայատկութիւններուն, անբնական վիճակներուն հետեւելով անոնց լուծում գտնելու կարելիութիւններուն մասին խօսելով` հաստատելով, որ պէտք է զգուշ եւ հետեւողական ըլլալ, որպէսզի կացութեան բարդացումի առաջքը կարելի ըլլայ առնել: Ան դիտել տուաւ, որ միզասեռային համակարգի առնչուող հիւանդութիւններ կամ հարցեր կրնան նաեւ հոգեբանական բարդութիւններ ստեղծել, եթէ պէտք եղած ձեւով չդարմանուին:

Տոքթ. Զարեհ Գասարճեան յաջորդ բաժինով խօսեցաւ 14-16 տարեկան պարման- պարմանուհիներու մասին: Այս հանգրուանին բորբոքումներու տարբեր պարագաներ աւելի կը զարգանան, յաճախ ոչ ապահով սեռային յարաբերութեան իբրեւ արդիւնք համահաւասար աղջիկներու ու տղոց քով: Ան յիշեց հաւանական բարդութիւններն ու հիւանդութիւնները` անոնց ախտաճանաչման եւ բուժման կարելիութիւնները մատնանշելով:  Բժիշկը նաեւ առանձնացուց յղի կիներու պարագային ի յայտ եկած հարցերը:

Աւելի յառաջացած տարիքի անձերուն մասին խօսելով` տոքթ. Գասարճեան նշեց, որ այր մարդիկ պէտք է 50 տարեկանէն վեր անպայման տարին անգամ մը այցելեն մասնագէտ բժիշկի եւ բժշկական ու արեան քննութիւններով հետեւին իրենց շագանակագեղձին:

Եզրակացնելով տոքթ. Զարեհ Գասարճեան յիշեց երեք անհրաժեշտ կէտեր` մաքրութիւնը, առատ ջուրի գործածութիւնը եւ կանուխ շրջանին բժիշկի խորհրդատուութիւնը, որոնք կը կանխարգիլեն միզասեռային համակարգի առնչուած տարբեր հիւանդութիւններ:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, տալով համապատասխան բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES