«ԳՐԱՒԷ՛ ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹԸ» ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԸՆԴՀԱՏԱԾ ԵՆ ՕՊԱՄԱՅԻ ԽՕՍՔԸ

Նախագահ Օպամա` դասախօսութեան ընթացքին

Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Հեմփշայր նահանգի դպրոցներէն մէկուն մէջ «Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժման մասնակիցները փորձած են ընդհատել նախագահ Պարաք Օպամայի` երկրի տնտեսութեան նուիրուած խօսքը:

Օպամայի ելոյթին ժամանակ շարժումի քանի մը մասնակիցներ իրենց տեղէն ոտքի կանգնած են եւ բացագանչած. «Պարո՛ն նախագահ, բողոքի խաղաղ ցոյցի աւելի քան չորս հազար մասնակիցներ ձերբակալուած են»` նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին իրենց կողմնակիցներուն ձերբակալութիւնները:

Օպամա սպասած է մինչեւ որ իրավիճակը հանդարտի, ապա դիմած է մասնակիցներուն. «Ամերիկան պէտք չէ միայն բնակչութեան մէկ փոքր հատուածին համար «կարելիութիններու երկիր» ըլլայ, անիկա այդպիսին պէտք է ըլլայ բոլորին համար: Մենք պէտք է ատոր համար պայքարինք, սակայն հարցը ժամանակի կը կարօտի»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր խօսքը շարունակելով անդրադարձած է նաեւ «գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» ցոյցերու նիւթին` անթոյլատրելի նկատելով, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային հարստութեան մեծ մասը բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրը տնօրինէ:  Նշեալ շարժումի մասնակիցները կը յայտնեն, որ երկրին ազգային հարստութեան մեծ մասէն բնակչութեան մէկ առ հարիւրը կ՛օգտուի, իսկ ցուցարարները իրենք զիրենք կը նկատեն բնակչութեան 99 առ հարիւրը:

Անոնք դէմ են երկրին մէջ ընկերային անհաւասարութեան եւ 17 սեպտեմբերէն ի վեր ամերիկեան շարք մը քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն:

 

Share this Article
CATEGORIES