ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՐՍԻՄԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵՑ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938-ին Տերսիմի մէջ հիմնականին մէջ քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար պաշտօնապէս ներում հայցած է:
Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովին ընթացքին Տերսիմի կոտորածներուն մասին վկայող փաստաթուղթերը ցոյց տալով յայտարարած է. «Եթէ անհրաժեշտ է Տերսիմի կոտորածին համար պետութեան անունով ներում հայցել, ես ներում կը հայցեմ»:
«Ձեռքիս մէջ եղող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936-ին, 1937-ին, 1938-ին եւ 1939-ին Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն զոհ գացած է 13806 մարդ», ըսած է Էրտողան:
Անդրադառնալով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի` իր եւ հայկական սփիւռքին միջեւ կատարած զուգահեռականներուն, Էրտողան ըսած է. «Դուն զիս հայկական սփիւռքին հետ նոյն հարթութեան վրայ կը դնես: Կը ցաւիմ քեզի համար: Սակայն ես` Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանս, կը զգուշացնեմ քեզ` չափդ գիտցի՛ր»:
Քըլըճտարօղլու յայտարարած էր, որ Էրտողան Տերսիմի դէպքերը կը շահարկէ եւ այդ ձեւով կ՛ուզէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ձգած ժառանգութեան հետ հաշուեյարդար տեսնել: «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շահարկէ Տերսիմի դէպքերը: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան կը մտածէ այնպէս, ինչպէս հայկական սփիւռքը: Շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային այս ազգին պարտադրէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումները», ըսած էր Քըլըճտարօղլու: