ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՀԵՏԱՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ

Պահրէյնի թագաւորը

Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա յայտարարեց, որ կ՛ընդունի Պահրէյնի դէպքերուն շուրջ միջազգային հետաքննութեան զեկուցումը, որ կը դատապարտէ պետութեան հաստատութիւնները: Թագաւորը յայտարարեց կազմութիւնը կառավարական խմբակի մը, որուն պարտականութիւնն է գործադրել հետաքննութեան այդ յանձնախումբին յանձնարարականները: Ան նշեց, որ «պիտի կատարենք բարեփոխումներ, որոնք մեր հասարակութեան բոլոր կողմերը պիտի գոհացնեն»:

Պահրէյնի թագաւորը դէպքերուն շուրջ հետաքննութեան արդիւնքներուն հրապարակումին անդրադառնալով ըսաւ, թէ «որեւէ կառավարութիւն, որ բարեփոխումներ կատարելու փափաքը ունի, պէտք է քննադատութեան օգուտին գիտակցի»` շեշտելով «ցաւալի դէպքերու կրկնութեան բացառումը երաշխաւորելու վճռակամութիւնը»:

Թագաւորը ըսաւ, որ պատասխանատու պաշտօնատարները հաշուետուութեան պիտի կանչուին` նշելով, որ երկրին օրէնքները միջազգային չափանիշերու համահունչ բարեփոխումի կը կարօտին:

Պահրէյնի թագաւորը յայտնեց, որ «իրանեան պաշտօնական լրատուամիջոցները Պահրէյնի զաւակները հրահրեցին խափանարարութիւն կատարելու», սակայն նշեց, որ « ի վիճակի չենք դէպքերուն Իրանի մեղսակցութեան վերաբերեալ փաստեր տալու»:

Ան ըսաւ, որ «կը մերժենք Պահրէյնի ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը»` գնահատելով «Պահրէյնի դէպքերուն շուրջ միջազգային հետաքննութեան զեկուցումը»:

 

Share this Article
CATEGORIES