ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՇԽՈՂ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԹԱՀՐԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ՀԱՅՑԷ

Թահրիր հրապարակին վրայ նոր բախումներէն տեսարան մը

Մինչ Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բախումները 6-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան, Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բանակը կը յարգէ զինուորական իշխանութեան վերջ տալ պահանջող` Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն տեսակէտը, սակայն անոնք եգիպտացի ժողովուրդը չեն ներկայացներ:

Խորհուրդը ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար ներում հայցեց եւ խոստացաւ, որ պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի կանչուին, պետութիւնը պիտի հոգայ վիրաւորներուն ծախսերը եւ Թահրիր հրապարակին վրայ դաշտային հիւանդանոց պիտի բացուի` այդտեղ հաւաքուածներուն բժշկական խնամք ապահովելու համար:

Գնդ. Մուխթար Մալլա նշեց, որ բանակը կը յուսայ նոր կառավարութիւնը կազմել խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ:

Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ապտել Մաազ Իպրահիմ նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` խօսելով երկուշաբթի օր նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, յայտնեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող կացութեան, յանձնախումբը պատրաստ է «որեւէ պայմանի տակ ընտրութիւնները կատարելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES