ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԳԻՆԻԻ ԵՒ ԱՅԳԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԻՄՆՈՒՄԻՆ

Սապունճեան` Այգեգործութեան համադաշնակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Գինիի եւ այգեգործութեան լիբանանեան համադաշնակցութեան նախագահ Սերժ Հաուշարը, որուն ընկերակցեցաւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան հաստատեց 2007-ին վաւերացուած Գինիի եւ այգեգործութեան ազգային հիմնարկ մը հիմնելու կարեւորութիւնը:

Նախարար Սապունճեան զօրակցութիւն յայտնեց համադաշնակցութեան իրաւացի պահանջին. ան շեշտեց, որ ինք պիտի աշխատի համապատասխան նախարարներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխուժացնել Գինիի եւ այգեգործութեան ազգային հիմնարկի մը հիմնումը:

Ճարտարարուեստի նախարարը ընդգծեց Լիբանանի մէջ գինեգործութեան եւ անոր բարգաւաճման կարեւորութիւնը եւ անոր արտադրութեան յաւելումը` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան գինին արդէն իսկ ճանչցուած է բոլորին կողմէ եւ կը մատուցուի համաշխարհային պանդոկներու եւ ճաշարաններու մէջ:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց նաեւ գինիին որակը պահպանելու եւ զայն միջազգային չափանիշներուն պատշաճեցնելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES