ՊԱՐԱԿՈՒԱՆԱԹ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻԻ ԵՒ ՄԻՐԶԱՅԻ ՀԵՏ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Պարակուանաթ երէկ այցելեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պարակուանաթի լիբանանցի պաշտօնակիցը` դատախազ Ռալֆ Ռիաշի:
Հանդիպումէն ետք Պարակուանաթ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պարակուանաթ այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դատախազ Ռիաշի:
Հանդիպումէն ետք Միրզա բաւարարուեցաւ ըսելով, որ այս հանդիպումը ծանօթացման հանդիպում է:
CATEGORIES Լիբանանեան


