«ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՍ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ, ԵԹԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԷ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք ունի մէկ մտահոգութիւն եւ մէկ ծրագիր, որուն անունն է Լիբանանը եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան պահպանումը` աւելցնելով, որ ինք լիբանանցիներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան եւ դիմագրաւած տագնապին` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը մաղթէ, որ արաբական երկիրներուն մէջ ապահովական կայունութիւնը կարելի ըլլայ պահպանել եւ լեղի բաժակը հեռացնել Լիբանանէն: Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ինք կը մաղթէ Լիբանանը զերծ կացուցել Սուրիոյ հարցերէն` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիոյ դէմ որեւէ որոշում տրուի, ապա Լիբանան այդ որոշումը պիտի գործադրէ առանց ինքզինք խեղդելու:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իր խիղճը հանգիստ է, որովհետեւ իր առած բոլոր քայլերը կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ ինք Թրիփոլիի համար կը պայքարի եւ ոչ թէ Թրիփոլիի մէջ կը պայքարի:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցին` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան` աւելցնելով, որ ինք յանձնառութիւն յայտնած է, որ այդ ֆինանսաւորումը կատարուի սահմանադրական միջոցներով, եւ այդ մասին տեղեակ պահած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Միքաթի մաղթեց, որ կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով: «Ես կը փափաքիմ այդ ատեանը ֆինանսաւորել` ի խնդիր արդարութեան հաստատման», ըսաւ ան:
Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Միքաթի աւելցուց, որ եթէ կառավարութիւնը մերժէ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորել, իր հրաժարականով է, որ Լիբանան պիտի փրկուի:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պիտի ֆինանսաւորուի` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի հաստատած է այդ մասին եւ ինք կը վստահի Միքաթիի խօսքերուն:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետ Միքաթի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է լուծելու լիբանանեան տնտեսութեան աճն ու բարգաւաճումը արգելակող բոլոր խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ պատրաստ է աշխուժացնելու տնտեսական կացութիւնը` բարելաւելով Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու պայմանները:
Այս առիթով վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն, որպէսզի անոնք իրարու միջեւ անկեղծ երկխօսութիւն կատարեն` պահպանելու համար ներլիբանանեան կայունութիւնը եւ ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:


