ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Ժեմայէլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յառաջիկայ դեկտեմբերի առաջին կիսուն պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Հայաստան` ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Սլէյման Հայաստանի մէջ հանդիպում մը ունենայ հայ պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու շրջագիծին մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն ընկերակցեցաւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ տնտեսութեան մարզին մէջ Պէյրութ կը խորհրդանշէ արաբական միասնականութիւնը: Ան աւելցուց, որ այդ միասնականութիւնը անհրաժեշտ է թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ բոլոր մարզերուն պարագային:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ նախագահին հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպըրթ Ուաթքինզ:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու ծիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES