«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՇԱՐՔ ՄԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Լոնտոնի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սառեցուած յարաբերութիւնները կարելի չէ փչելով հալեցնել:
«Դժուար հարցերը մէկ քայլով չեն լուծուիր: Իրավիճակը այնքան սառած է, որ փչելով չես կրնար հալեցնել: Շարք մը նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւնը կայ: Պահ մը ժամանակը նպաստաւոր էր, սակայն այն կարծիքը ունիմ, որ կարելի չեղաւ ամէն ինչի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Շրջանին մէջ բոլորը այդ հոլովոյթին մէջ իրենց շահը կը հետապնդէին: Յառաջ եկան դժուարութիւններ, սակայն կարելի չէ ըսել, որ ամէն ինչ մեռած է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Անդրադառնալով «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին` պաշտօնական այցելութեամբ Բրիտանիա գտնուող Ապտալլա Կիւլ ըսած է, որ ինք պետական վերահսկիչ խորհուրդին հրահանգած է Տինքի սպանութեան լիարժէք բացայայտման համար կարելին ընել:
«Ես համապատասխան հրահանգ տուած եմ եւ չեմ միջամտեր այդ հոլովոյթին: Երբ գործը աւարտի, զիս իրազեկ կը դարձնեն: Այդ գործին առնչութեամբ սեղանիս վրայ առայժմ որեւէ թղթապանակ դրուած չէ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: