ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը կը պատրաստուի քննարկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը, որ Ծերակոյտի օրակարգ բերուած է Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթենպախի նախաձեռնութեամբ:
Քալթենպախ իր պլոկին մէջ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ 2012-ի նախագահական ընտրութիւններու ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ խոստացած են աջակցիլ այդ օրինագիծի որդեգրման:
«Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի որեւէ ժխտում հարուած է` ուղղուած հանրապետութեան արժէքներուն», գրած է ֆրանսացի ծերակուտականը:
Նշենք, որ եթէ օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուի եւ նախագահին կողմէ ստորագրուի, ապա Ֆրանսայի տարածքին մէջ բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Հայոց ցեղասպանութիւն չէ եղած, կը դատապարտուին հինգ տարուան բանտարկութեան եւ կ՛ենթարկուին 45 հազար եւրօ տուգանքի:
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած էր 12 հոկտեմբեր 2006-ին: