ՇԱՏ ՀՆԱՐԱԳԷՏ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

Արհեստագիտութեան շնորհիւ` շատ բաներ դիւրացած են մեր կեանքին մէջ: Մեքենաներէն եւ գործիքներէն ետք, արհեստագիտութիւնը հիմա մուտք կը գործէ նաեւ հագուստներու ճարտարարուեստին մէջ: Ահա` քանի մը շատ նոր եւ խելացի օրինակներ:

Բազմապաշտօն վերարկուն

Երբ քալելը սիրող, ամէնէն ծոյլ հնարողը գործի կը լծուի, ան կը ստեղծէ այս շատ հնարագէտ վերարկուն: Անոր ներսի բաժինին մէջ պահուած է քնապարկ մը, իսկ կռնակի գրպանին մէջ… մէկ անձի համար վրան մը: Եւ այս իւրայատուկ վերարկուն կը կշռէ միայն 1 – 1,5 քիլօ:

Հոտերու դէմ գուլպաներ

Այս գուլպաներուն շնորհիւ` մեր ոտքերը ա՛լ պիտի չհոտին մարզանքի դասէն ետք: Մեծ մարզիկներու կողմէ գործածուած այս գուլպաները շինուած են յատուկ թելերով, որոնք խոնաւութիւնը աւելի լաւ կը տարածեն եւ կը դիւրացնեն քրտինքին շոգիացումը:


Ճի Փի Էս բաճկոնակը

Լեռներուն մէջ կորսուելու ոչ մէկ վտանգ կայ այս իւրայատուկ բաճկոնակին շնորհիւ: Ճի Փի Էս-ի դիւրաթեք պաստառ մը անցուած է անոր թեւին ծայրը, եւ կ՛առաջնորդէ դահուկողը. «50» թուանշանով դէպի աջ դարձած սլաք մը կը նշանակէ, թէ պէտք է դէպի աջ դառնալ 50 մեթր անդին, օրինակի համար` հասնելու բարձունքներուն վրայ գտնուող ճաշարանը: Ձայնային ազդանշաններ ալ կը սփռուին բաճկոնակին գլխարկին մէջ անցուած ընկալուչներուն միջոցով:

Շնչող ներքնազգեստներ

Մեր մարմինը տաք պահելու լաւ միջոց մըն է տաքութիւնը կանոնաւորող ներքնազգեստներ հագնիլ: Այս ներքնազգեստներուն կերպասին թելերը կը պարունակեն խունամերձ (փարաֆին), որ յատկապէս մոմերու շինութեան մէջ գործածուող նիւթ մըն է. ան տաքութեան դէմ կը կենայ, երբ օդը տաք կ՛ըլլայ եւ տաքութիւնը կը ծծէ, երբ օդը ցուրտ կ՛ըլլայ:

Ուժ տուող մարզանքի շապիկը

Այս շապիկին կռնակի բաժինը քիչ մը կը ճնշէ ոսկորներուն վրայ ուսերը դէպի ետեւ քաշելու եւ թեւերուն շարժումները ազատ արձակելու համար: Մարմնի աւելի լաւ կեցուածքով մենք աւելի լաւ կրնանք վազել եւ նոյնիսկ բարելաւել մեր թոքերուն կարողութիւնը: Ասոր արդիւնքները բացայայտ կ՛ըլլան ժամացոյցին վրայ:

Օդի պարկով բաճկոնակը

Այս բաճկոնակին մէջ անցուած են բազմաթիւ բարձիկներ, որոնք անմիջականօրէն կ՛ուռին ցնցումի պարագային: Այս ձեւով վիզը, իրանը եւ կռնակը շատ լաւ պաշտպանուած են. սակայն ասոր հետ պայման է անշուշտ գործածել շարժանիւ քշողներու յատուկ սաղաւարտը:

 

Աճող բաճկոնը

Բնութիւնը սիրողներուն համար ահաւասիկ… գետնախնձորէ պատրաստուած բաճկոնը: Ան հարիւր առ հարիւր բնութեան մէջ կ՛անհետանայ եւ պարարտացուցիչ նիւթի կը վերածուի: Երբ մենք այլեւս անոր պէտք չունենանք, կրնանք զայն պարտէզին հողին մէջ թաղել եւ ան քանի մը ամիս ետք պարարտացուցիչի կը վերածուի: Առաւել, անոր պզտիկ գրպանը կը պարունակէ հատիկներ, որոնք երբ հողին մէջ թաղուին լոլիկի տունկեր կու տան:

Մկանները մարզող մարզակօշիկներ

Եթէ կ՛երազէք գեղեցիկ մարմին մը ունենալ, սակայն` առանց յոգնելու, կրնաք փորձել այս մարզակօշիկները: Անոնց աւելի դիւրաթեք ներբանները թեթեւ անկայունութիւն մը կը յառաջացնեն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբ աւազին վրայէն կը քալենք: Ասոր նպատակն է մղել ոտքերու եւ յետոյքի մկանները աւելի աշխատելու` պարզապէս քալելով:

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ՓԱՅՏԷ ԱՌԻՒԾԸ

Պէտք ունիս

Կասիայի ցպիկներու, 2 հատիկ պղպեղի, մետաղէ թելի, զօրաւոր խէժի, մեխակի 2 գամերու, գունաւոր ռաֆիա թելի, գունաւոր թուղթի:

Ինչպէ՞ս

 

 

 

2.- Կասիայի ցպիկները նոյն չափը ունեցող 4 կտոր կտրէ: Անոնց մէջէն անցուր մետաղէ թելեր եւ թելերուն ծայրերը դէպի դուրս ծալէ:

1.- Գունաւոր թուղթին վրայ գծէ եւ կտրէ առիւծին գլուխը: Պղպեղի երկու հատիկները փակցուր աչքերուն տեղը: Սեւ մատիտով գծէ բերանը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Ռաֆիայով միասին կապէ կասիայի ուրիշ չորս ցպիկները` մարմնին համար: Մարմնին մէջ անցուր չորս ոտքերուն մետաղէ ծայրերը: Ռաֆիայի պզտիկ կտոր մը անցուր ցրիկի մը մէջ` պոչիկին համար: Իսկ միւս կողմը անցուր առիւծին վիզը:

3.- Ռաֆիայի պզտիկ կտորներ հանգոյց ըրէ մէջտեղէն եւ զանոնք փակցուր առիւծին գլուխին շուրջը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Գիտէի՞ր, թէ չինացի մարդ մը կրնայ իր ականջներով փուչիկ ուռեցնել:
  • Մէկը չի կրնար ինքզինք խտղտել:
  • Կարգ մը հոյամողէսներու հաւկիթները կը կշռէին աւելի քան 45 քիլօ:
  • Գիտէի՞ր, թէ բամպակէ թի-շըրթ մը պատրաստելու համար կը գործածուի 2700 լիթր ջուր:
  • Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի նուտըլ խմորեղէններու թանգարան մը:
  • Շաքարեղէնի անգլիական ընկերութիւն մը շինեց տուրմի հսկայական տուփ մը` լեցուած 220,052 տուրմի անհատական կտորներով:
  • Շանաձուկ մը կրնայ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ունենալ եւ կորսնցնել մինչեւ 30 հազար ակռայ:
  • Կարգ մը արուեստագէտներ ծամոն կը գործածեն իրենց գեղանկարչութիւններուն մէջ:
  • Պարպիի պուպրիկը ունեցած է, իբրեւ ընտանի անասուն, առիւծ մը, թութակ մը եւ ընձուղտ մը:
  • Ժայռերուն զարնուող ալիքներուն ձայնը մեծ մասամբ կու գայ օդի պղպջակներէն:
  • Նուշերը կը պատկանին վարդերու ընտանիքին:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ լողաւազանը կը գտնուի Չիլիի մէջ: Անոր երկայնքը կը հասնի 0,8 քմ-ի:
  • Լիբանանի մէջ ագարակապան մը կրցած է աճեցնել 11 քիլօ կշռող գետնախնձոր մը:
  • Կարգ մը մողէսներ կրնան ջուրին վրայէն քալել:
  • Ֆինլանտացի մարդ մը գրած է 1000 էս էմ էս գրութիւններէ բաղկացած վէպ մը:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` քառակուսիներուն հետեւելով:

Կրնա՞ս զետեղել թիւերը տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES