ԻՆՔՆԻՐԵՆ «ՊԱՏԻԺՆԵՐ» ՏՆՕՐԻՆԵԼՈՒ ՀԵԹԱՆՈՍԻ ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հետաքրքրական եւ իւրայատուկ յանդգնութեամբ մը Պ. Սնապեան 2008 թուականին լոյս ընծայեց «Պատիժներ» խորագիրով գիրք մը, որ կը բովանդակէ 15 գրողներու ստորագրութիւններ եւ բուռն քննադատութիւններ` նոյնինքն իրեն` Պօղոս Սնապեանի դէմ:
«Հետագայ գրութիւնները խմբուած են ու հատորի մը ծածկին տակ կը հրատարակուին այն հիմամբ, որ ենթական անվերապահ յարգանք մը ունի ազատ խօսքի նկատմամբ», կը գրէ Պ. Սնապեան իր մուտքի խօսքին մէջ:
Տարբեր նիւթերու մասին եւ զանազան առիթներով գրուած այս յօդուածները խորքին մէջ մէկ ու հիմնական թիրախ են ճշդած` ամէն գնով խծբծել Պօղոս Սնապեանի անունն ու վաստակը, արատաւորել անոր գրաքննադատական խիզախ մօտեցումներն ու գրագէտի անյողդողդ կեցուածքը` անհիմն եւ անհամապատասխան որակումներով:
Տասնամեակներ շարունակ, հայ գրականութեան անաղարտ պահպանման եւ գրողի դիմագիծի վաւերականութեան պաշտպանութեան լծուած Պօղոս Սնապեան մնացած է անսասան, յամառ եւ վճռակամ, որ ո՛չ միայն երբեք չընկրկեցաւ նման քննադատութիւններու դիմաց, այլեւ հանդէս եկաւ զանոնք ամբողջովին իր ընթերցողին հրամցնելու նախաձեռնութեամբ: Մինչ ուրիշներ զիրենք քննադատող գրութիւնները անհետացնելու ճիգ ի գործ կը դնեն, ազատ խօսքին հաւատարիմ Սնապեան նման յօդուածներ համախմբելով կը դնէ իր ընթերցողին գրասեղանին` զայն նախապաշարումներէ բոլորովին ազատ պահելու սկզբունքի մը անսալով:
Գուրգէն Մահարի, Գէորգ Աճեմեան, Վազգէն Մնացականեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեան, Յարութիւն Մատէեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Ռաֆայէլ Իշխանեան, Աւիկ Իսահակեան, Ռաֆայէլ Աւագեան, Հայկ Նագգաշեան եւ Պարոյր Երէցեան «Պատիժներ»-ուն մէջ կը փորձեն պատժել Սնապեանը` անոր գրութիւններէն ու բացայայտումներէն ջղագրգիռ դարձած:
Փաստօրէն, եթէ այլակարծութիւնն ու գրականագիտական վերլուծումներու հրայրքը երաշխիք են առողջ ու կայտառ հասարակութիւններու ձեւաւորումին, ատիկա հայ գրականութեան անաղարտ պահպանումին լծուած Պօղոս Սնապեանին համար սրբութեան համազօր հաւատամք եղած է, դեռ վաղ ժամանակներէն:
Սնապեանական բնորոշ խառնուածք է` սուր եւ գրագէտ հայեացքներով ճակատ ցցել ամէն բախտախնդիրի դէմ:
Մարդկային հասուն եւ տրամաբանող միտքը պէտք է կշռադատէ եւ լաւապէս ըմբռնէ, թէ սնապեանական անցողակի հաճոյք կամ արկածախնդրութիւն չէ հայ գրական կեանքի փերեզակներ խարազանելն ու դատապարտելը, այլ անիկա պոռթկումն իսկ է անոր ներքին համոզումներուն, ապրումներուն, գրականագիտական մօտեցումներուն:
Պօղոս Սնապեանի սուր գրիչով խորհրդային կարգերու դէմ ծաւալած պայքարի յիշատակումն անգամ իր մէջ կը պարփակէ անոր ուժական ու յանդուգն մտաւորականի բարեմասնութիւնները: Ան առանց վարանումի եւ քաջաբար լոյսին բերաւ խորհրդային կարգերու տակ ապրող եւ այդ վարչակարգին տուրք տուող հայ գրողներու յօդուածներուն կամ գրական երկերուն մէջ տեղ գտած խորթութիւնները: Սնապեան կը բացայայտէ եւ կը խարազանէ այս խորթ երեւոյթները` հանդիպելով միւս կողմէ յարձակումներուն, ստանալով տարբեր որակումներ` «սապատաւոր», «ծուռ մարդ», «Պօղոս վարժապետ», եւ այլն:
Այսօր, աւելի քան վաթսունամեայ անոր գրիչի հոսքին եւ ստեղծագործական կեանքին ընդառաջ, երբ կրկին անգամ կը յայտնուին հակառակորդներու եւ կամ ընդդիմախօսներու նորափթիթ անուններ, անոնք կը մոռնան, թէ զիրենք կանխող վաստակաւոր գրողներն անգամ չկրցան «ուղղել» եւ «ճամբու» բերել այս ծուռ մարդն ու հեթանոս գրագէտը, յամառ գրաքննադատն ու ինքզինք «պատժելու» գրականութեան վարժ խառնուածքը:
Հայհոյանքի թէ այլ պիտակաւորումներու արշաւին լծուած անհատ մտաւորականներու կը թելադրուի վերընթերցել «Պատիժներ» խորագրեալ հատորը, որպէսզի ծանօթանան այս անգամ սնապեանական ազատախոհութեան ու վեհանձն կեցուածքին:
Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ անցեալի ընդդիմախօսները որոշ չափով կը պահէին չափի ու զգացումի գրական այնպիսի նրբութիւն, որուն համար կ՛արժանանային համապատասխան վերաբերումի:
Մեր կարգին` «ծուռ» մարդուն յամառութենէն սրտապինդ, կ՛աւետենք ողբերգութիւնը նորայայտ հակառակորդներուն, որ քիչ բարբաջեն…
Միւս կողմէ` յամառ մարդու ծուռ յատկութիւններէն կը մնայ անոր բացարձակապաշտ ըլլալու հանգամանքը: Ինչ կը վերաբերի գրական ոճի, խմորումի, ապրումի եւ ըսելաձեւի հարցերուն, ան դաժան եւ անզիջող է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը յամենան մնալ սովորական մթնոլորտին սպասարկուներ:
Այս առիթով` փակագիծ մը:
Պատեհութիւններ չեն պակսած երբեք, խօսելու եւ գրելու մտաւորական, գրող, գրաքննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի մասին, որուն գրական պատկառելի ստեղծագործութեան պարզ թւումն անգամ պատիւ կը բերէ անոր:
Այս առումով, ժամանակները երբեք ալ ժլատ չեն եղած այս եզակի անձնաւորութեան նկատմամբ, երբ անոր աւելի քան 60-ամեայ անխոնջ ծառայութիւնները` հայ գրականութեան ու սերունդներու պատրաստութեան մէջ, միշտ ալ արժանացած են երախտագէտ զգացումներու եւ շնորհակալ վերաբերումներու:
Հայ մտաւորական շրջանակներու թէ ընթերցասէր հասարակութեան համար, սնապեանական գրիչին արգասիք եղող իւրաքանչիւր բառ թէ նախադասութիւն, միտք թէ յղացք, եւ առհասարակ` ստեղծագործական հրայրք, անպայման պէտք է որ յագեցած ըլլայ իւրայատուկ ընկալչութեամբ` յանուն հայ գրականութեան պահպանումին եւ վերանորոգման:
Այլ խօսքով` կարելի չէ գրասեղանի վրայ ունենալ այս մտաւորականէն նոր լոյս տեսած հատոր մը, որուն մէջ տեսանելի չըլլան անոր գրականագիտական թէ հեղինակային առանձնակի յատկութիւնները:
Անոր գրիչին պատկանող աւելի քան երկտասնեակ հատորներու գոյութիւնը, հսկայածաւալ խմբագրական աշխատանքներն ու ուսումնասիրութիւնները ունին մէկ ու յստակ նպատակակէտ, արարել յանուն հայ գրականութեան անդաստանին եւ սերունդներու դաստիարակութեան, լոյսին բերել եւ ճանաչելի դարձնել ստեղծագործ ու անաղարտ:
Այլապէս ալ անոր խմբագիրի ու գրաքննադատի գրիչին պատկանող ստեղծագործութիւնները չեն զիջիր իրենց տիպականութենէն, ուր կը հանդիպինք գրական արժեչափերու համընկնող նկատողութիւններու:
Նշանակելի են սնապեանական գրականագիտական հայեացքները, մղուած այն թելադրութենէն, որ հարկ է հայ գրականութեան պատմութեան հարթակը անեղծ պահել, հեռու` «պղծում»-ներէ, անհարկի մօտեցումներէ եւ շատ անգամ դատարկ դատողութիւններէ:
Իր գրական-ստեղծագործական կեանքին աւելի քան վաթսուն տարիներու ընթացքին Պօղոս Սնապեանի նկատմամբ արձակուած «Պատիժներ»-ը երեւցած են ամենաբարձր ամպիոններուն անգամ, բայց եւ այնպէս անոնք մնացած են սոսկ ախտագին փնթփնթոցներ: