ՍԻԼՎԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԿԷՕՔՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Սիլվա Գազանճեան-Կէօքճեան… Անուն մը, որ պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ առյաւէտ: Տիպար մայր, որ ոչինչ խնայած է իր զաւակները համալսարան հասցնելու ճամբուն մէջ: Ժրաջան, աշխուժ, ծառայասէր, ազգասէր, նուիրուած, զոհուած… եւ տակաւին շարքը երկար է այն յատկութիւններուն, որոնցմով օժտուած էր ան: Իրեն համար խտրութիւն չկար ծառայութեան իմաստով: Նուիրուած էր թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ միութեան:
1983-1995 եղած է Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան անդամ: Կանուխ տարիքէն անդամակցած է ԼՕԽ-ին` մաս կազմելով «Շուշանիկ» մասնաճիւղին:
1975-էն սկսեալ քանի մը հանգրուաններով եղած է անդամ մասնաճիւղի վարչութեան, որուն կը ծառայէր մինչեւ իր մահը եւ ստանձնած էր վարչութեան քարտուղարութեան պաշտօնը:
Իր մահէն քանի մը օր առաջ տակաւին վարչութեան անդամներուն հետ միասին լծուած էր ճաշի պատրաստութեան աշխատանքին` պնակ մը ճաշ ապահովելու մասնաճիւղի ծերերուն:
Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, յատկապէս «Շուշանիկ» մասնաճիւղը շատ մեծ սուգի մէջ են այսօր, որովհետեւ կորսնցուցին իրենց հաւատարիմ, նուիրեալ եւ վաստակաւոր ընկերուհիներէն մին:
Թող հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկերուհի…
ԼՕԽ-ԱԿԱՆ