ՈՒՐԻՇԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊՐՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԸ` ՄԱՐԻ ՀԱԼԱՃԵԱՆ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Քառասուն օրեր միայն կը բաժնեն մեզ այն թուականէն, երբ երկրաւորներու շարքէն բաժնուելով` երկնայիններուն դասուեցաւ Մարի Հալաճեան:
Երկչոտ ըլլալու չափ համեստ քալուածքով այս կինը, հաւատացեալներու բազմութեան մէջ իսկ աննկատ մնալու մասնաւոր ճիգով, Աստուծոյ ամենատես աչքին հաճելի երեւցաւ իր հաւատքով ու կարիքաւորներուն նկատմամբ ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ:
Պատահականութիւն պէտք չէ սեպել այն, որ Մարի Հալաճեանը իր մահկանացուն կնքեց ճիշդ այն օր, երբ եկեղեցին կը տօնէր համեստութեան ու ծառայասիրութեան մէկ այլ տիպարի` Կոստանդիանոս կայսեր բարեպաշտ մօր` Հեղինէ թագուհիին յիշատակը, Գիւտ Խաչի տօնին ընդմէջէն: Թագուհի, որ իր արքունական ճաշին սեղանակից կը դարձնէր անտէր ու լքեալ աղքատներ: Առաքելութիւն, որ դարեր ետք շարունակողներէն մէկը եղաւ հանգուցեալ Մարի Հալաճեանը:
Անթիլիասի մայր տաճարին սրբատաշ քարերն ու երկնաձիգ կամարները կրնան վկայել աղօթանուէր այս կնոջ մասին, որ իր սրբափայլ ներկայութեամբ աղօթել սորվեցուց երբեմն աղօթել չիմացող հաւատացեալներուն: Իսկ ամէնօրեայ ժամերգութեանց ընթացքին տաճարին դատարկ ատեանը լեցնող միակ հաւատացեալ շունչը յաճախ ի՛նք եղաւ, բացականերուն համա՛ր աւելի աղօթելով, քան` իր անձին:
Քրիստոնէական հաւատքի ախոյեանները առհասարակ սրբոց վարքերուն էջերը լեցնող կենսագրութիւններուն տէրերը կը նկատուին, որոնք արեան նահատակութեամբ կնքած են իրենց մահկանացուն: Իսկ հերոսները միշտ պատերազմական դաշտերուն վրայ մեծ յաղթանակներ ապահոված կամ իրենց կեանքին գնով զանոնք շահած անձերը կը նկատուին: Հերոսներ ալ կան սակայն, որոնք կենդանի նահատակութեամբ կ՛արժեւորեն աստուածատուր կեանքը: Կեանքէդ ուրիշին բաժին հանուած կեանքն է, որ խորքին մէջ իսկական կամ արժեւոր կեանք կարելի է կոչել: Իսկ արժեւոր կեանքը ունի իր գինը, որ է` կենդանի նահատակութիւնը: Ասիկա նահատակութեան այնպիսի կերպ է, որ ընդհանրապէս մարդկային տրամաբանութեան մէջ տեղ չի գտներ, եթէ տուեալ անձը քրիստոնէական ամուր հաւատքով ու նմանին հանդէպ զոհողութեան գիտակցութեամբ օժտուած չէ:
Կենդանի նահատակութիւնը, որ այս կեանքը ապրելով միատեղ անձնազոհութեան իմաստը ունի, եղաւ Մարի Հալաճեանին բաժին ինկած կեանքը այս աշխարհի մէջ: Այս տողերը իրեն հաճոյք պիտի չպատճառէին բնաւ, եթէ իր ապրած օրերուն ուղղուէին իրեն` իբրեւ գնահատանք: Սակայն իր անձին ուսանելի օրինակը ուրիշներուն եւս ուղեցոյց դարձնելու միտումով, թող որ իր շիրիմի թարմ հողաթումբին վրայ իբրեւ գունագեղ ծաղկեփունջ զետեղուին անոնք` քառասունքին առիթով:
Ցաւալի պիտի ըլլայ հաստատել, որ հոգեպէս, ֆիզիքապէս, մտապէս թէ նիւթապէս կարիքաւորներու խումբ մը, որ իր մայրական գաղտնի խնամքին ենթակայ էր, այսուհետեւ միայն անոր երկնառաք աղօթքներուն հոգածութեամբ պիտի բաւարարուի` զրկուելով անոր ամէնօրեայ ներկայութենէն:
Քաջ բարութեան տիպար եղաւ անոր Մարին: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութեան, դաւանանքին ու աւանդութիւններուն ջերմ պաշտպանը հանդիսացաւ ան, եւ հակառակ այս կալուածին մէջ իր սահմանափակ գիտութեան` եկեղեցւոյ հայրերէն ստացած դաստիարակութիւնը անսակարկելի ցոյց տուաւ անոր դէմ պայքարիլ յանդգնող արկածախնդիրներուն: Բարութիւնն ու քաջութիւնը իր մէջ դրական ուժի վերածուեցան ու շինիչ պայքար բացին ի պաշտպանութիւն հայ եկեղեցւոյ:
Հոգեւորութիւնը, որ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը կը կազմէ, Մարի Հալաճեանի գիտակից կեանքին ամէնէն արդիւնաւէտ օրերը հիւսեցին: Բախտաբեր օր մը իր կեանքին մէջ տարեց հոգեւորականի մը կողմէ կիներու աղօթաժողով հիմնուեցաւ իր տան շրջակայքին մէջ, եւ ի՛նք եղաւ այդ խմբակը առաջնորդող անձը, շուրջ երեսուն տարիներ: Հաւատքի մոմը, որ վառեցաւ այդ օր, վա՛ռ պահեց ան մինչեւ իր վերջին շունչը եւ փոխանցեց նոր սերունդին: Հաւատքի այդ խայծը, ծառայութեան սէրը ու նուիրումի ոգին Մարի Հալաճեանին կեանքը դարձուցին իսկապէս ուրիշին համար ապրուած կեանք մը: Գաղտնի բարեգործութեան այս տիպարը, շատ անգամ մինչեւ իսկ ուրիշներուն կատարած իր նիւթական յատկացումները գաղտնի պահեց իր ընտանեկան պարագաներէն` հաւանաբար վախնալով, որ երկնային վարձատրութեան իր ականակուռ թագէն քարեր կը պակսին, ինչպէս կը պատահի շա՜տ շատերու, որոնք մարդկային գնահատանքն ու ծափահարութիւնները աւելի գերադաս կը նկատեն, քան` երկնային շողարձակ բրաբիոնը:
Զինք մօտէն ճանչցած իւրաքանչիւր հաւատացեալ անձ, հարազատ թէ բարեկամ, պէտք է մխիթարուած զգայ ինքզինք, որովհետեւ լոյսերու բնակիչ այս կինը, եթէ այս կեանքին մէջ անկեալին ու զրկեալին, անտեսուածին ու չքաւորին համար ապրեցաւ իր կեանքը, հանդերձեալին մէջ դարձեալ իրեն համար պիտի չապրի յաւիտենութիւնը, այլ` Աստուծոյ, որուն գրկին մէջ յաւէտ պիտի հանգչին իր բարի ու ազնիւ սիրտն ու հոգին:
ՄԽԻԹԱՐՈՒԱԾ ՍԳԱԿԻՐ