ԽՈՀԵՐ
Սրտի դառն կսկիծով ու անհուն ակնածանքով, խոր վիշտով լեցուն քառասուն օրեր ակնթարթի մը նման անցան:
Հազիւ 52 տարիքը բոլորած սիրելի քեռայրս` Վազգէն Քահքեճեան, իր եռանդուն տարիքին կնքեց իր մահկանացուն, երբ վաղաժամ մահը ընդհատեց անոր կեանքի թելը եւ զայն յաւիտեան հեռացուց իր ընտանիքէն ու հարազատներէն:
Բայց ան աննշան չգնաց, այլ իր ետին ձգեց անմոռանալի յուշեր` իր բեղուն կեանքէն: Եւ տակաւին շա՜տ աշխատանքներ ունէր ամբողջացնելիք իր ազգին եւ ընտանիքին համար:
Սիրելի քեռայր, քու անժամանակ ու անակնկալ մահովդ անակնկալի մատնեցիր բոլոր սիրելիներդ եւ զանոնք անմխիթար ձգեցիր` շրջապատիդ ձգելով հրաշալի զաւակներ:
Խունկ ու ծուխ քու թարմ շիրիմիդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ եւ յիշատակդ մնայ միշտ պայծառ:
ԱՐՄԻԿ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ
CATEGORIES Անդրադարձ

