ԼՕԽ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Ցօղիկ Մանճեանի, երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսի բացումը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սոնա Եափուճեան, որ անդրադարձաւ հայկական ձեռարուեստի պահպանման անհրաժեշտութեան` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով այս իմաստով ԼՕԽ-ի եւ անոր 35-ամեայ Ձեռարուեստի յանձնախումբին ի գործ դրած ջանքերը, որպէսզի այդ արժէքները պահպանուին եւ փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
Ապա խօսք առաւ Ժել Էլ Տիպի գաւառապետ Մատլեն Հատտատ, որ բարձր գնահատեց գեղեցկութեան ու արժէքներու պահպանման ճամբով եւ տարբեր նպատակներով ի գործ դրուած աշխատանքներն ու տարուած նուիրական գործունէութիւնը: Այսինքն` պահպանել ձեռարուեստը եւ այդ ճամբով հասնիլ կարիքաւորին:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ձեռնարկը նկատեց արժէքաւոր, արժէքներ համախմբող եւ տարածող` կոչ ուղղելով հայկական տուները հարստացնել հայկական ձեռագործներով:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2011, ներառեալ` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: