ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ 28 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 28 նոյեմբերին Երեւան պիտի ժամանեն:

Ըստ անոր, այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են միջնորդներու հանդիպումները նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մամլոյ բաժանմունքը երէկ հաստատեց, որ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ տարեվերջին պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ անոր պիտի փոխարինէ մինչեւ վերջերս Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժաք Ֆոր:

Share this Article
CATEGORIES