«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉԲԱՑՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՉ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըչ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ հերթական յայտարարութիւնը կատարած է:
Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է, որ առանց ղարաբաղեան տագնապի լուծման Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի չբացուի:
«Քանի տակաւին ազրպէյճանական հողերը չեն ազատագրուած, հայ-թրքական սահմանը պիտի չբացուի», ըսած է Քըլըչ:
CATEGORIES Հայկական


