ԺԱՆԶՈՒՐԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Եգիպտական պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուի պաշտօնապէս որոշած է նախկին վարչապետ Քամալ Ժանզուրին նշանակել վարչապետ եւ անոր տրամադրած է «բոլոր լիազօրութիւնները»:
ՄԵՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թանթաուի Ժանզուրիին վստահած է ազգային փրկութեան կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը եւ անոր տուած իր պաշտօնը լաւ ձեւով կատարելու պէտք եղած բոլոր լիազօրութիւնները:
Ժանզուրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի օրերուն 1996-1999-ին վարած է վարչապետի պաշտօնը, սակայն Մուպարաքի զայրոյթը գրգռելէ ետք հեռացուած է իր պաշտօնէն: Անոր նշանակումը մերժուեցաւ Թահրիր հրապարակին վրայ նստացոյց կատարողներուն կողմէ:
Մինչ այդ, բազմահազար եգիպտացիներ հաւաքուեցան Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ` պահանջելով, որ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը իշխանութիւնը անմիջապէս քաղաքային իշխանութեան փոխանցէ:
Հակառակ երէկուան հաւաքին նպատակներուն շուրջ քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան, անոնք հաւաքի կարգախօսին շուրջ տարակարծիք գտնուեցան: Արդարեւ, կարգ մը խմբաւորումներ զայն «վերջին առիթ» կոչեցին, իսկ ուրիշներ` «Զինուորական իշխանութեան հեռացումը», «նահատակներուն իրաւունքը», «պատիժը», «քառուղին» եւ «Երուսաղէմը փրկելու ուրբաթ»:
Իսլամ եղբայրները հաւաքը պոյքոթի ենթարկեցին եւ յայտարարեցին, որ կը փափաքին, որ կացութիւնը հանդարտի եւ կեանքը իր բնական հունին վերադառնայ, որպէսզի ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելով իշխանութիւնը փոխանցուի ընտրովի նախագահի մը: