ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ նոր տարուան առիթով, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ տիրող մտայնութիւնը պէտք է բարձրացնել երկրին գերագոյն շահերուն մակարդակին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ, թէ կառավարութիւնը ե՛րբ պիտի քննարկէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցը, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կ՛որոշեն նիստերուն օրակարգը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց աշխատավարձերը սրբագրելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի հարաւային Լիբանանի ղեկավարութիւնները նախանցեալ երեկոյեան ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք հաստատեցին, որ կառավարութիւնը պէտք է իր պարտականութիւնները ստանձնէ ամերիկեան լրտեսութեան դէմ պայքարելու իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ «Նաշրա» կայքէջին հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը եւ սուրիական բանակէն անջատուած զինուորներուն մարզումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կը վնասէ Լիբանանի վարկին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին կողմէ յառաջիկայ կիրակի օր Թրիփոլիի մէջ կազմակերպուելիք քաղաքական փառատօնին ընթացքին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պիտի արտասանէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խօսքը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կ’ապրի լուրջ ընկճուածութիւն մը:
ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ օդաչուները կատարեցին նստացոյց մը` բողոքելու համար իրենց պաշտօնակիցներէն մէկուն անարդարօրէն աշխատանքէ արձակումի որոշումին դէմ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Մոսատին մէջ Լիբանանի նախկին պատասխանատու Շլոմօ Մոֆազ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային յանձնած է գաղտնի լսումի յատուկ սարքեր, որոնք Հըզպալլայի կողմէ ձեռք ձգուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի յատուկ բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ ատեանի նախագահ Տէյվիտ Պարակուանաթ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներու մասին չէ խօսած` աւելցնելով, որ նման որոշում մը կրնայ տալ միայն Ապահովութեան խորհուրդը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի համար Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կրնայ աւելի նախընտրելի ըլլալ, քան` Լիբանանի կառավարութեան տապալումը:
ՖԻՆԻՒԼ-Ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա դրուատեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու առումով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:

