ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԼԻԿԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ՆԱԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐԷՆ
Ասորի համայնքի լիկան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ քիւրտերէն ներում հայցելու քայլը` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ այդ քայլը դրուատիքի արժանի է, ապա անիկա ուշացած է:
Հաղորդագրութեան մէջ հարց տրուեցաւ սակայն, որ կրնա՞յ ըլլալ, որ ղեկավար մը իր պատմութեան հետ հաշտուելու շրջագիծին մէջ խտրութիւն կատարէ: Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ Էրտողանին ներում հայցելու նաեւ հայ ժողովուրդէն եւ ասորիներէն` 1915-ին գործուած սպանդներուն եւ Մեծ եղեռնին համար:
CATEGORIES Լիբանանեան