ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Դեսպան Ապատի եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ փոխադարձ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները:

Նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Սապունճեան յայտնեց, որ Ապատիէն ստացած է Իրան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ մօտիկ ապագային իրենք յստակ պատկերացումներ պիտի ունենան նաեւ ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններու կերտման մասին:

Իր կարգին, Ապատի յայտնեց Իրանի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններ հիմնել:

Ապատի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի եւ Իրանի ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ նախարար Սապունճեան այսօր պիտի մեկնի Սուտան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սուտանցի իր պաշտօնակիցին եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Share this Article
CATEGORIES