ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱՃԱՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճանը, որ ժամանած էր Պէյրութ` մասնակցելու համար Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
Աւելի ուշ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետ Քատեր Թուպաշը, որուն ընկերակցեցաւ Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի:
Հանդիպումէն ետք Թուպաշ հաստատեց, որ Լիբանան իր այցելութեան նպատակը Պոլիսը եւ Պէյրութը քոյր քաղաքներ հռչակելն է` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ կարելի ըլլայ յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ հանդիպումէն ետք նշեց, թէ այս հանգրուանին կարիքը կայ իմաստուն եւ հանդարտ ղեկավարութեան մը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան բոլոր կողմերն ու անոնց ջանքերը` Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու առումով:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Ռոպըրթ Տոլճըրը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:
Հանդիպումը նկատուեցաւ դրական: