ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ դատախազ Սատեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյր Էտտինը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Պետական շուրայի խորհուրդի նախագահ դատախազ Շուքրի Սատեր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց կարգ մը քաղաքացիներ լիբանանեան քաղաքացիութենէ զրկելու եւ աշխատավարձի յաւելման վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն կողմէ քննարկումի կարիքը ունեցող կարգ մը թղթածրարներ:

Share this Article
CATEGORIES