ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ
Կառավարութեան գումարելիք երէկուան նիստը մետասաներորդ պահուն յետաձգուեցաւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն բացակայութեան պատճառով:
Համախմբումի նախարարները կառավարութեան նիստէն բացակայեցան` սերտելու համար իրենց վերջնական կեցուածքը:
Նշենք սակայն, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը:
Հարկ է աւելցնել, որ կառավարութեան նիստին յետաձգումէն ետք, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
մրապնդելու եւ փոխադարձ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

