ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՄՈՆ ԼԱ ՍԱԼԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ «Կուտուիլ» ակումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ անդամալոյծներու փինկ փոնկի Լիբանանի անկախութեան 8-րդ մրցաշարքը` տասը դասակարգերու մէջ:
10-րդ դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Յարութիւն Թաշճեան:
Այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան նաեւ խառն զոյգի (ոտքի եւ նստած) մրցումներ ալ: Անոր տիրացաւ Էլի Ռահպանի (ոտքի) – Յարութիւն Թաշճեան (նստած) զոյգը:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ եւ «Կուտուիլ» ակումբի նախագահ Ֆետի Հաննա:
CATEGORIES Մարզական

