ՍՈՒՐԷՆ ՉԱԽԱԼԵԱՆ` ՓԻՒՆԻԿԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ

Սուրէն Չախալեան

Փիւնիկ Երեւանի գործադիր տնօրէն Կարէն Յարութիւնեան երէկ իր կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ակումբին գլխաւոր մարզիչը պիտի ըլլայ Սուրէն Չախալեան:

Armsport.am, որ այս լուրը հրապարակեց, կ՛աւելցնէ, որ թէեւ գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կը լքէ իր պաշտօնը, սակայն ան պիտի ստանձնէ թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը:

Յարութիւնեան իր խօսքը եզրափակած է ըսելով, որ ասիկա ցարդ միակ փոփոխութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ մարզչական իմաստով:

Նշենք, որ Չախալեան Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականին մարզիչն է:

ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Armsport.am կը տեղեկացնէ, որ 29 փետրուար 2012-ին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Պիելոռուսիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջեւ:

Նշենք, որ մրցումը կ՛իյնայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք ճշդուած են ՖԻՖԱ-ին կողմէ:

Կը կարծուի, որ Պիելոռուսիա – Հայաստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, սակայն ատիկա տակաւին վերջնական չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES