ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԵԹԷ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՉԵՍ, ՆԱԵՒ ՉԵՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՍԷՐ…
Սիրելի՛ ընթերցող, կը խնդրեմ, որ ինծի թոյլ տաս մէջբերում մը կատարելու կիրակնօրեայ քարոզէս. «Եթէ հայրենասէր չես, դուն չես կրնար ըլլալ աստուածասէր: Եթէ ազգասէր չես, դուն չես կրնար ըլլալ եղբայրասէր»:
Յստակ ըլլալու է բոլորին, որ աստուածասէրը հայրենասէր է, անպայմա՛ն, եւ եղբայրասէրը ազգասէր է, անկասկա՛ծ: Ա՛յս է հայ քրիստոնեան: Ա՛յս է քրիստոնեայ հայը:
Դուն գիտես, թէ մեր քրիստոնէական կրօնին առաջին պատուիրանն է. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ կարողութեամբդ»: Ահաւասիկ նաեւ երկրորդը. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ» (Մրկ. 12,30-31):
Երկմասնեայ պատուիրանը լաւագոյն պահողն եղաւ Մարիամ Սիրամայրը` «Հայոց խնկելի Աստուածածինը», որուն այս կապակցութեամբ տրուած հայադրոշմ տիտղոսները մէկը միւսէն իմաստագեղ են: Այսօր մեր Եկեղեցին կը կատարէ` «տօն ընծայման սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:
Մարիամ, սակայն, Աստուածամայր է, ուստի, այս իր սրբազնասուրբ հանգամանքով` բարեմասնութիւններու գանձարանը եւ առաւելութիւններու կատարն է: Ոչ միայն օրինակն է մարդերուն, այլ նաեւ Դաստիարակը` բոլոր առաքինութիւններուն մէջ:
Նկատի առած նաեւ, որ վաղը, նոյեմբեր 22-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնն է, ջանացի որոնել աշխարհական հայ հեղինակութիւն մը, որ իր կեանքով, գործով ու գրիչով կը համադրէ վերի երկու մէջբերումները` երկու յիշեալ տօներուն դիմաց:
Գտած անձնաւորութիւնս Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի (990-1059) իշխանն է, որ իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ ու վաստակով օրինակ կրնայ ըլլալ ամէն տեսակի ու մարզի մէջ բոլոր ղեկավարներուն, բայց յատկապէս` ներկայ Հայաստանի իշխանաւորներուն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ազգատոհմէն սերած իշխան Վասակ Պահլաւունի Նահատակին որդին` Վահրամ Պահլաւունի հռչակեալ սպարապետին եղբօրորդին եւ Գրիգոր Ա. Վկայասէր կաթողիկոսին (1066-1105) հայրը` Գրիգոր Մագիստրոս, որ միատեն մատենագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, շարականագիր, գիտնական, փիլիսոփայ, շինարար, քաղաքագէտ ու զինուորական գործիչ էր, աշխատեցաւ իր ժողովուրդին բարօրութեան եւ արդիւնաբերեց իր երկրին բարգաւաճումին համար: Հոս կը թուեմ անոր գործերէն հետեւեալները լոկ:
Իր հայրենիքին անկախութեան ու ազատութեան ի խնդիր` Բագրատունի Գագիկ Բ. թագաւորին աջակցեցաւ եւ Կ. Պոլիս գնաց միջնորդելու համար Բիւզանդիոնի կայսեր մօտ:
Կառուցած բազմաթիւ եկեղեցիներէն եւ վանքերէն ծանօթ են Բջնիի Ս. Աստուածածինը, Կեչառիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու Հաւուց Թառի Ս. Ամենափրկիչը:
Հիմնեց բարձրագոյն տիպի իր սեփական դպրոց-ճեմարան-լսարանը, որուն մէջ կը դասաւանդէր իր ժամանակին նիւթերը, ինչպէս` քերականութիւնը, ճարտասանութիւնը, իմաստասիրութիւնը, թուաբանութիւնը եւ այլ գիտութիւններ:
Հարաւային Հայաստանի ու Միջագետքի կայսերական կուսակալ 1048-էն սկսեալ` Գրիգոր Մագիստրոս անարիւն, բայց շատ բուռն պայքար մղեց երկրին աղէտ ու ազգին փորձանք դարձած թոնդրակեցիներուն դէմ` արգիլելով, սակայն, որ իր բանակայինները խոշտանգեն, աղուէսակնիքով խարանեն եւ սպաննեն զանոնք:
Գրիգոր Մագիստրոս` բազմահմուտ միտքն ու կատարեալ համայնագէտը, լաւատեղեակ էր` հայ եւ յոյն դիցաբանութեան, բնական գիտութիւններու, պատմութեան, գրականութեան, արուեստի, երկրաչափութեան, բժշկագիտութեան, աստղաբաշխութեան, երաժշտութեան, կենսաբանութեան ու տիեզերագիտութեան:
Գրիգոր Մագիստրոս մեծ աստուածաբան էր: Բնագիտութիւնն ու բնազանցութիւնը համադրելով` ոչ միայն ընդունեցաւ գերագոյն Էակին գոյութեան տիեզերաբանական փաստը, այլ նաեւ սորվեցուց Արարիչ Աստուծոյ` բարձրագոյն Գոյին ստեղծագործութեան ճանաչումը բնութեան միջոցով:
Գրիգոր Մագիստրոս խոր աստուածաշնչագէտ էր: Անոր բազմասեռ գրականութեան չափածոներու մէջ ամենայայտնի երկն է «Հազարտողեան» գեղօնը` հասցէագրուած «Առ Մանուչէ», արաբ լեզուագէտ ու հայերէնաճանաչ մատենագրին, որուն հանդիպեցաւ 1044-ին, Բիւզանդիոն:
Հայ իմաստունը շահեցաւ գրաւը` երեք օրէն հեղինակելով 1016 տողերէ բաղկացած բանաստեղծութիւնը, որ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն համառօտ յանգաւորեալ վերապատումն է Ադամի ստեղծումէն մինչեւ Յիսուսի երկրորդ գալուստն աշխարհի կատարածին: Մանուչէ գիտնականը, սքանչանալով լսած «Հազարտողեան»-էն, մկրտուեցաւ:
Վերջապէս, Գրիգոր Մագիստրոս` հայ մշակոյթին ու պատմութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած աստուածասէր-հայրենասէր եւ ընկերասէր-ազգասէր դէմքը լուսափայլ, իր Վահրամ որդիին գրած նամակին մէջ կը շեշտէ. «Քեզմէ կը խնդրեմ, որ երբեք չմոռնաս մեր աւանդութիւնները եւ մեր Աստուած Քրիստոսի հանդէպ սիրոյ եռանդը, ինչպէս ալ` չթոյլատրել մեր նախնիներու ճրագին լոյսին մարումը…»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 21 նոյեմբեր 2011