ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀՆԴԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՌԵՒՏՐԱՅԻՆ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ

Քանի մը շաբաթ ետք, երբ թրքական մեծածախս լոպիիստական ընկերութիւնները Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացնեն իրենց պարտադիր հաշուետուութիւնները, կարեւոր բացայայտումներ պիտի կատարուին իրենց ծածուկ գործունէութեան վերաբերեալ, որով կը փորձեն Քոնկրեսին միջոցով վաւերացնել այնպիսի օրինագիծ մը, որ թրքական ընկերութիւններուն կը շնորհէ Ամերիկայի հնդիկ ցեղերուն պատկանող հողերուն մէջ ներդրումներ կատարելու մենաշնորհեալ դիրք:

Այս հաշուետուութիւնները պիտի բացայայտեն այն մարդոց ինքնութիւնը, որոնք նպաստած են նոյեմբեր 17-ին Ներկայացուցիչներու տան բնական պաշարներու հարցերով յանձնախումբին կողմէ` «2011 թուականի բնիկ հնդիկ ցեղերու հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու ցուցադրական նախագիծի մասին» թիւ 2362 բանաձեւին հաստատմանը` ձայներու 27 կողմ եւ 15 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Պէտք չէ զարմանալ` իմանալով, որ այս անմեղ թուացող բանաձեւը, որուն նպատակն է` «խթանել հնդիկ ցեղերուն տնտեսական զարգացումը եւ նպաստել թրքական ընկերութիւններուն կողմէ ներդրումները», Քոնկրեսէն սահուն կերպով անցաւ` Ներկայացուցիչներու տան որոշ անդամներուն համար ֆինանսական առատաձեռն միջոցներու հոսքի ապահովման շնորհիւ, ինչ որ մօր կաթի նման անհրաժեշտ է քաղաքական մարդոց:

Անշուշտ սխալ ոչինչ կայ բնիկ ամերիկացիներուն` օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելու հարցով օգնելուն մէջ, բացի անկէ, որ Քոնկրեսէն խնդրուած էր արտօնեալ մօտեցում ցուցաբերել միայն մէկ երկրի` Թուրքիոյ նկատմամբ: Տարօրինակօրէն, յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը ցանկացած էր ընթացք տալ այս արտասովոր եւ ապօրինի պահանջին` արհամարհելով Քոնկրեսի Հետազօտութիւններու ծառայութեան խիստ զգուշացումները այն մասին, որ միայն մէկ երկրի յատուկ արտօնութիւն շնորհելը կը խախտէ Միացեալ Նահանգներու հիմնական առեւտրային պայմանագիրներու դրոյթները, որոնք են` Most Favored Nation (MFN), North American Free Trade Agreement (NAFTA), եւ World Trade Organization (WTO):

Աւելի՛ն. Քոնկրեսին համար անհրաժեշտութիւն մը չէր երկրի մը համար փորձնական ծրագիր հաստատելը, երբ միաժամանակ յանձնախումբը կը քննարկէր արդէն առաւել համապարփակ օրինագիծ մը` թիւ 205 բանաձեւը, որ բոլոր երկիրներուն համար կ՛ապահովէ հաւասար հնարաւորութիւն` հնդիկ ցեղերուն հետ առեւտուրի եւ անոնց պատկանող հողերուն վրայ ներդրումներ կատարելու: Իրականութեան մէջ հնդիկ ցեղերու հարցերով զբաղող գրասենեակին տնօրէնը հաւաստիացուց, որ ինք թիւ 2362 բանաձեւին առնչութեամբ լուրջ վերապահութիւններ ունի: Այդ իսկ պատճառով ան կը նախընտրէ աջակցիլ թիւ 205 բանաձեւի ընդունման, որ` «կը ծառայէր նոյն նպատակներուն` աւելի լայն ծաւալով®»: Երբ Մերիլենտ նահանգէն դեմոկրատական քոնկրեսական Ճոն Սարպէյնզ փորձեց բարեփոխում առաջարկել թիւ 2362 բանաձեւին մէջ` ընդլայնելով պետութիւններուն շրջանակը եւ անոր մէջ ընդգրկելով Թուրքիայէն բացի այլ երկիրներ, առաջարկը մերժուեցաւ` «թեքնիք» պատճառներով:

Նախքան քուէարկութիւնը` քանի մը հայ-ամերիկեան եւ յոյն-ամերիկեան կազմակերպութիւններ Ներկայացուցիչներու  տան յանձնախումբին յղեցին թիւ 2362 բանաձեւին դէմ իրենց բողոք-նամակները` նշելով, որ հնդիկ ցեղերուն հողերուն նկատմամբ Թուրքիոյ մենաշնորհեալ դիրք շնորհելը անընդունելի է եւ` անօրինական: Այս կազմակերպութիւնները բարձրացուցին հինգ առանցքային առարկութիւններ` ուղղուած Քոնկրեսին` Թուրքիոյ յատուկ արտօնութիւններ շնորհելուն կապակցութեամբ, որովհետեւ այդ երկիրը`

1) Կը մնայ միլիոնաւոր հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւն կատարողը, որ չի զղջար իր կատարածին համար.
2) Կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը, գրաւուած պահել Կիպրոսը, ճակատիլ Իսրայէլի հետ եւ վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանային շահերուն.
3) Կը սպառնայ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական շահերուն` Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ.
4) Կապ ունի ապօրինի գործարքներով կասկածելի ամերիկա-թրքական կազմակերպութիւններու հետ.
5) Կ՛աջակցի Իրանին` խախտելով Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները:

Թիւ 2362 բանաձեւի պաշտպանները կը ծրագրեն այս օրինագիծը օգտագործել նախքան աւելի համապարփակ` թիւ 205 բանաձեւին ընդունումը, Թուրքիոյ առաջնահերթութիւն ապահովելու համար, եւ այլ ազգերու ի տես` անոր անարժան առաւելութիւն շնորհելու համար: Թուրքիան կրնայ այնուհետեւ առեւտրական բացառիկ գործարքներ կնքել հնդիկ ցեղերուն հետ, 25 տարուան ժամկէտով, ինչ որ կրնայ երկարաձգուիլ եւս երկու լրացուցիչ ժամկէտով` իւրաքանչիւրը 25 տարի, այսինքն` ընդհանուր 75 տարի: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մինչեւ որ այլ երկիրներու ընկերութիւններ եւս հնարաւորութիւն ունենան պայմանագրեր ստորագրելու հնդիկ ցեղերուն հետ, թրքական ընկերութիւնները խլած պիտի ըլլան առաւել շահաւէտ գործարքները` միւսները ձեռնունայն ձգելով:

Յանձնախումբին կողմէ թիւ 2362 բանաձեւի ընդունումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի թուրքերը եւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը շտապեցին տօնելու իրենց վաղաժամ յաղթանակը: Նոյեմբեր 17-ին Թուրք-ամերիկեան համախմբումը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով իր գոհունակութիւնը առ այն, որ յանձնախումբը ընդունած է բանաձեւը եւ շուտով այդ բանաձեւը ամբողջութեամբ պիտի ընդունուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ: Նոյն գիշերը Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը` «նշելու համար Ամերիկայի բնիկ հնդիկներուն եւ Ալասքայի բնիկներուն Ժառանգութեան ամիսը, եւ Ներկայացուցիչներու տան բնական պաշարներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին կողմէ թիւ 2362 բանաձեւին բարեյաջող ընդունումը»: Թուրքիոյ ականաւոր դեսպան Նամըք Թան անձամբ Twitter ցանցին վրայ տեղադրած է Ամերիկայի բնիկ հնդիկներու լուսանկարներ` իրենց ազգային տարազներով, որոնք առնուած էին դեսպանատան մէջ կայացած տօնախմբութիւններուն ընթացքին:

Դեսպանին պէտք է յիշեցնել, որ վաղաժամ է յաղթանակ տօնելը, քանի որ ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ այս թերի օրինագիծը երբեւէ պիտի հասնի Ներկայացուցիչներու տուն, ուր մնաց` ծերակոյտ, քանի որ այդ բանաձեւը լրջօրէն կը խախտէ ամերիկեան առեւտրային շարք մը համաձայնագրեր: Նոյնիսկ եթէ օրինագիծը հաստատուի Քոնկրեսին կողմէ, Ամերիկայի քաղաքացիական կազմակերպութիւնները եւ բազմաթիւ երկիրներ դատերու կը դիմեն` չեղեալ նկատելու համար այս խտրական օրէնքը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES