«ՀԱՐՑԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Պահրէյնի մէջ «Ժազիրայի վահան»ի ուժերուն դերակատարութիւնը թագաւորութեան կենսական կառոյցները արտաքին որեւէ վտանգէ պաշտպանելն է»: Ան ըսաւ, որ այդ ուժերը Պահրէյն ժամանած են` հիմնուելով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն միջեւ ապահովական պաշտպանողական համաձայնութեան վրայ: «Այս ուժերը եկան կենսական կառոյցները պաշտպանելու համար Պահրէյնի սպառնացող արտաքին որեւէ վտանգէ, այս է անոնց դերը եւ ոչ թէ ցուցարարներու հետ կամ ներքին որեւէ կացութեան հետ առնչութիւն ունենալու համար: Այդ չէ անոնց դերը»:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ կացութիւնը ներկայիս հանդարտած է եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա բարելաւուի: «Քաղաքական գետնի վրայ երկխօսութիւնը յառաջ ընթանալու ուղին է»: «Ներկայիս հարցը ապահովութեան վերականգնումն ու կայունութեան կայացումն է, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն պատահած բեւեռացումէն ետք քաղաքացիներուն միասնականութիւնը վերականգնելը», ըսաւ ան:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա իր կարգին յայտնեց, որ Պահրէյնի կայունութեան եւ արաբականութեան պահպանման վերաբերեալ արաբական պետութիւններու կեցուածքը կատարելապէս յստակ է, եւ այդ հարցերը վիճելի չեն: Ան նշեց, որ «լիկային այս կեցուածքը կ՛արտայայտէ այլ երկիրներու, ներառեալ Իրանի հետ հանդիպումներու ճամբով»:
Նշենք, որ Արաբական լիկան երէկ արաբական աշխարհի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ կացութեան շուրջ խորհրդակցական նիստ մը գումարեց: