ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀՐԱԺԱՐԻԼ

Ալի Ապտալլա Սալեհ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ խոստացաւ այս տարեվերջին անմիջապէս հրաժարիլ: Անոր նստաշրջանը կ՛աւարտի 2013-ին: Նախագահական բանբեր Ահմետ Սուֆի նաեւ յայտնեց, որ նախագահը խոստացած է իշխանութիւնը բանակին չյանձնել: Սակայն ընդդիմութիւնը յայտնեց, որ նախագահին առաջարկը պիտի չընդունի: «Նախագահին յայտարարութիւնը քաղաքական այլ խուսանաւում մըն է: Այն ինչ որ երէկ ընդունելի էր, այսօր մեզի համար ընդունելի չէ», ըսաւ ընդդիմութեան բանբեր Մոհամետ Սապրի:

Նախագահ Սալեհ երէկ բանակի հրամանատարներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ արաբական թերակղզիի աղքատիկ երկիրը կրնայ յեղաշրջումի փորձերուն պատճառով քաղաքացիական պատերազմի մէջ կլանուիլ:

Բարձրաստիճան բանակային հրամանատարներ երկուշաբթի օր յայտարարած էին, որ կը միանան ժողովրդավարութիւն պահանջող գործիչներուն:

«Անոնք, որոնք կ՛ուզեն յեղաշրջումի ճամբով իշխանութեան հասնիլ, պէտք է գիտնան, թէ ատիկա բացառուած է: Հայրենիքը կայուն պիտի չըլլայ, պիտի ծագի քաղաքացիական պատերազմ մը` արիւնալի պատերազմ մը: Անոնք ասիկա պէտք է զգուշութեամբ նկատի ունենան», ըսաւ ան:

Եմէնեան պետական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած ճառի մը ընթացքին Սալեհ յայտնեց, որ «(հրաժարած) եղբայր սպաներուն յստակ կերպով կ՛ըսեմ, թէ իրենց ըրածը տկարութիւն է եւ լրատուական ահաբեկումի իբրեւ արդիւնք, լրատուամիջոցներ զանոնք ահաբեկեցին, մինչեւ որ աշնան տերեւի նման թափեցան եւ պիտի զղջան»:

Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ցեղապետներու առջեւ, որոնցմէ շատեր միացած են ընդդիմութեան, իր արտասանած մէկ այլ ճառին մէջ Սալեհ դարձեալ զգուշացուց քաղաքացիական պատերազմէ: Ակնարկելով հիւսիսի մէջ շիի ըմբոստներուն եւ Քայիտային` Սալեհ ըսաւ, որ «դուք երկիրը մասնատելու օրակարգ մը ունիք, երկիրը երկու մասի փոխարէն երեք մասերու պիտի բաժնուի: Հարաւային բաժին մը, հիւսիսային բաժին մը եւ միջին բաժին մը: Դասալիքներուն ձգտումը այս է»:

Share this Article
CATEGORIES