ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԾՆՈՂՔ- ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍԻՐՈՅ ԿԱՊԸ» ՆԻՒԹՈՎ

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան երիտասարդացին շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանական երեկոյ:

Օրուան հանդիսավարներ Սեպուհ Գարավարդանեան եւ Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն կոչ ուղղեցին Աստուծոյ սիրով մեծցնելու իրենց զաւակները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն, որուն ընթացքին մերթ ընդ մերթ հանդիսավարները ընդմիջումներ կը կատարէին` պատմելով դրուագներ եւ տալով վկայութիւններ:

Օրուան բանախօսն էր Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, որ խօսեցաւ «Ծնողք- երիտասարդ սիրոյ կապը» նիւթին մասին:

Ան հաստատեց, որ Տիրոջ կամքն է, որ մայրեր օրհնեն իրենց զաւակները: «Մեծագոյն պարգեւը մայրութիւնն է, եւ անոր իշխանութեամբ ձեր զաւակները օրհնելու կոչումը ունիք», շեշտեց բանախօսը` աւելցնելով, որ ծնողներուն պարտականութիւնն է Աստուծոյ խօսքը փոխանցել իրենց զաւակներուն: Վաղինակ վրդ. Մելոյեան կոչ ուղղեց ծնողներուն սիրելու իրենց զաւակները, վստահելու անոնց, արժէք տալու անոնց խօսքերոն, յարգելու զանոնք` աւելցնելով, որ ծնողներ պէտք է ապրին առաքինի եւ սուրբ կեանք մը, որպէսզի այդ առաքինութեան բոյրը փոխանցեն իրենց զաւակները: Փոխարէնը, ան նկատել տուաւ, որ զաւակներ պէտք է կատարեալ յարգանք եւ սէր ունենան իրենց ծնողներուն նկատմամբ, որովհետեւ այս մէկը հաճելի է Աստուծոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES