ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում: Սոյն հանդիպման մասնակցեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհ, ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպա, իսկ հայ եկեղեցիէն Նարեկ արք. Ալեէմեզեան` վարիչ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ շաբաթ Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք խորհուրդի համաժողովին օրակարգի նիւթերը: Միջեկեղեցական սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան նոր ուղիներ որոնելու:

Share this Article
CATEGORIES