«ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Լ. ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոն այցելեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր, բարերար Երջօ Սամուէլեան` ընկերակցութեամբ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Սիսլեանի: Սամուէլեան դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կողմէ:
«Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ Սամուէլեան ծանօթացաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի, «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի դպրոցի, «Գայեանէ» պարի դպրոցի եւ «Կարկաչ» երգչախումբի գործունէութեան` ներկայ գտնուելով փորձերուն եւ դասերուն:
Ան շրջագայութենէն ետք հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային վարչութեան եւ խնամակալութեան հետ: Հանդիպումին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու դժուարութիւնները:
Ան նշեց, որ կեդրոնին մէջ կը գործեն շուրջ հազար աշակերտներ, որոնք շաբթուան բոլոր օրերուն կը հետեւին իրենց ճշդուած ծրագիրներուն:
Հանդիպման աւարտին, Երջօ Սամուէլեան մեծապէս գնահատեց Համազգայինի տարած աշխատանքը, որ էապէս կը նպաստէ հայ մշակոյթի պահպանման: Սամուէլեան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինը առաւել եւս մեծ թափով շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Նշենք, որ բարերար Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին միջոցով տարեկան դրութեամբ օժանդակութիւն կը տրամադրէ նիւթական դժուարութիւններ ունեցող սաներուն: